2018-01-21 11:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 22-րդ առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրուայ յայտագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 21 Յունուար 2018-ին, վերջ կը գտնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 22-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը որ զինք առաջնորդեց նախ Չիլի ապա Փերու։

Ֆրանչիսկոս Պապին հովուական առաքելութեան վերջին օրուան յայտագիրը կը սկսի տեղական ժամով առաւօտեան 8.20 անց (Հռոմի ժամով 14.20 անց) երբ Սրբազան Հայրը հրաժեշտ առնելէ ետք Փերուի մայրաքաղաք Լիմայի առաքելական նուիրակութեան պալատէն կը փոխադրուի «Señor de los Milagros» սրբավայր որ կը գտնուի Լիմայի կեդրոնը։ Սրբավայրին մէջ Նորին Սրբութիւնը  կը գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն փակեալ կրօնաւորուհիներու միաբանութիւններու 500 անդամներ։

Արարողութիւնը սկիզբ կ՛առնէ Սրբավայրի Մեծաւոր մօր բարի գալուստի խօսքով ապա տեղի կ՛ունենայ ժամասացութիւնը, որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը ողջունելէ ետք փակեալ կեանքի կրօնաւորներու միաբանութիւններու մեծաւոր մայրերը Քահանայապետական ինքնաշարժով կը փոխադրուի Լիմայի  «San Juan Apostol y Evangelista – Սուրբ Յովհաննէս աւետարանիչ» աթոռանիստ եկեղեցի որ կառուցուած է 1535-ին  եւ որուն բացումը տեղի ունեցած է 1540-ին։

Եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Փերույի Սուրբերու մասունքներու մեծարանքի արարողութիւնը որուն առթիւ Սրբազան Քահանայապետը կ՛արտասանէ մեծարանքի աղօթքը ի ներկայութեան 2500 հաւատացեալներու որոնց շարքին՝ քահանաներ կրօնաւորներ նորընծաներ ու հովուական խնամակալութեամբ զբաղող աշխարհականներ։

Սուրբերու մեծարանքի արարողութենէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Լիմայի Եպիսկոպոսական Պալատ ուր հանդիպում կ՛ունենայ  Երկրին եպիսկոպոսներուն հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը, հուսկ՝ կէսօրին, (Հռոմի ժամով 18-ին) Սրբազան Պապը «Plaza de Armas» հրապարակին վրայ  կ՛արտասանէ «Մարեմեան Աղօթքը» որմէ ետք Լիմայի առաքելական պալատին մէջ կը  մասնակցի իրեն իր պատիւ սարքուած ճաշկերոյթին։

Ճամբորդութեան վերջին օրուան օրակարգը վերջ կը գնտէ յետմիջօրէի ժամը  4.15-ին (Հռոմի ժամով 22.15-ին) օդանաւային “Las Palmas” կեդրոնի տարածքին Քահանայապետին մատուցած եզրափակիչ սուրբ պատարագով, որմէ ետք Ան կը փոխադրուի Լիմայի միջազգային օդակայան եւ այնտեղ կայացած հրաժեշտի արարողութեան աւարտին կը բարձրանայ օդանաւ վերադարձ կատարելու համար դէպի Հռոմ՝ ուր ժամանումը նախատեսուած է երկուշաբթի 22 Յունուարի 14.15-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.