2018-01-21 16:25:00

Ֆրանչիսկոս Պապ մեծարեց Փերույի Սուրբերու մասունքները։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 21 Յունուար 2018-ին, Քահանայապետական 22-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Լիմայի  «San Juan Apostol y Evangelista – Սուրբ Յովհաննէս աւետարանիչ» աթոռանիստ եկեղեցին այցելելով մեծարեց Փերուի Սուրբերու մասունքները ու մեծարանքի արարողութեան ընթացքին արտասանեց  Փերույի Սուրբերուն նուիրուած  աղօթքը ի ներկայութեան 2500 հաւատացեալներու որոնց շարքին՝ քահանաներ կրօնաւորներ նորընծաներ ու հովուական խնամակալութեամբ զբաղող աշխարհականներ։

Աղօթքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը նախ գոհունակութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ Լիմայի եկեղեցւոյ  շնորհած պարգեւներուն համար ինչպէս նաեւ բազմաթիւ սուրբերու պարգեւին համար, ապա խնդրեց շնորհքը դառնալու դէպի դուրս ընթացող եկեղեցի մը, մօտենալով բոլորին ու յատկապէս դիւրաբեկներուն։

«Սորվեցուր Տէր, ըսաւ Քահանայապետը, որ ըլլանք Յիսուս Քրիստոսի՝ հրաշքներու Տիրոջ, միսիոնար աշակերտներ, ապրելով սէրը, փնտռելով միութիւնը ու ի գործ դնելով ողորմութիւնը, որպէսզի՝ պաշտպանուած Աւետարանութեան Տիրամօր բարեխօսութեամբ, մենք ապրինք ու համայն աշխարհին հռչակենք Աւետարանի ուրախութիւնը»։








All the contents on this site are copyrighted ©.