2018-01-21 10:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Թրուխիլլօ քաղաքին մէջ «Տիրամայրը ողորմութեան ու յոյսի մայր»


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 20 յունուար 2018-ին, Փերու կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, տեղական ժամով՝ յետմիջօրէին 4,45-ին, Իտալիոյ ժամով երեկոյեան 22,45ին,  Թրուխիլլօ քաղաքին Արմաս հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ նախագահեց «VIRGEN DE LA PUERTA» Տիրամօր նուիրուած յատուկ պաշտամունքին արարողութեան, մասնակցութեամբ աւելի  քան 35  հազար  հաւատացեալներուն:

Այս առթիւ արտասանած խօսքին սկիզբը Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Արմաս հրապարակին գեղեցկութեան,  որ Փերույի Ժողովուրդին համար եղած է հաւաքի վայր՝ հանդիպելու համար  «Mamita de Otuzco» Տիրամօր եւ  «դարձած է բացօթեայ սրբավայր բոլոր անոնց համար որոնք կ՝ուզեն  Տիրամօր մայրական քնքուշ հայեացքին ականատես դառնալ»  ըսաւ Նորին Սրբութիւն աւելցնելով որ Տիրամայրը լաւ կը ճանչնայ  հարաւային Փերույի բնակիչներու սիրտն ու անոնց բաղձանքները։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  դիտել տուաւ, որ Փերույի իւրաքանչիւր հասարակութիւն՝ ուր որ ալ  գտնուի, առաջնորդուած են Սուրբի մը դիմագիծէն,  Յիսուսի սէրէն ու անոր Մայրէն։ Ան ապա  անդրադարձաւ Փերույի ժողովուրդին ««VIRGEN DE LA PUERTA»  Տիրամօր հանդէպ ունեցած մեծ  սէրին, նշելով որ Ինք այսօր «VIRGEN DE LA PUERTA» տիրամայրը պիտի հռչակէ ողորմութեան եւ  յոյսի Տիրամայր դիտել տալով թէ ինչպէս   դարերու հոլովոյթին Տիրամայրը  իր գուրգուրանքն ու սէրը ցուցաբերեց   փերուի ժողովուրդին՝  հեռու պահելով զանոնք վտանգներէն ու սպառնալիքներէն, «Տիրամայրը, ըսաւ Քահանայապետը, կը շարունակէ պաշտպանել  եւ ցոյց տալ այն դուռը.   որ կ՝առաջնորդէ   դէպի հարազատ կեանք»   ապա անդրադարձաւ 2015-ին նշուած ողորմութեան յոբելենական տարւոյն, դիտել տալով որ    Տիրամայրը  մեցի ցոյց կու տայ մեր տան ուղին - Ան մեզ կ՝առաջնորդէ դէպի Յիսուս.  որ է ողորմութեան դուռը։

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ  մաղթանք յայտնեց,   որ  ողորմածութեան ու յոյսի մօր հիւրընկալութեան հոգին, կարենայ Փերույի մէջ ամենուրեք  տարածել ու սփռել Աստուծոյ բարութիւնն ու գեղեցկութիւնը, դիտել տալով  որ չի կայ լաւագոյն դեղ՝  քան սիրտ մը,  որ կարող է  կարեկցիլ ապա մտաբերեց Փերուին բոլոր մայրերն ու մամիկները ,  նշելով որ անոնք Փերուի ընտանիքներու կեանքի իսկական ուժն են եւ թէ  առանց անոնց   երկրին վիճակը անյայտ պիտի մնար: Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց  «Մարիամին սէրը մեզ պիտի օգնէ  երախտագիտութեան կեցուածքներ որդեգրելու  կիներու հանդէպ՝ մեր մայրերու եւ մամիկներու հանդէպ-  որոնք մեր կեանքին եւ մեր քաղաքներու ամրոցը  եղան եւ որոնք յաճախ լռութեան մէջ կը գործեն ըսաւ նորին Սրբութիւն  ընդգծելով  որ լռութիւնը մեր յոյսի զօրութիւնը կը նկատուի՝: 

Քահանայապետը հուսկ դատապարտեց Լատին Ամերիկիոյ ցամաքամասին մէջ  կիներու դէմ գործադարուած անթիւ բռնութիւններն ու սպանդը հրաւիրելով պայքարիլ այդ տառապանքին դէմ եւ որդեգրել օրէնքներ ու մշակոյթ մը հակադարձելու համար ամէն տեսակի բռնաբար արարքներուն։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց յայտնելով որ «VIRGEN DE LA PUERTA» ՝ Ողորմութեան ու յոյսի մայրը,  մեզի ցոյց  կու տայ  ուղին եւ  լաւագոյն պաշտպանութեան դեղը՝   անտարբերութեան  անզգայութեան դէմ

Տիրամայրը  մեզ կ՝առաջնորդէ դէպի Իր որդին եւ մեզ կը հրաւիրէ զարգացնելու ողորմութեան մշակոյթ մը,   հիմնուած ուրիշներու հետ  հանդիպումի բացայայտումին  վրայ. մշակոյթ մը որուն մէջ  ոչ մէկը միւսին  նայի անտարբերութեամբ ու կամ  իր հայեացքը շեղէ երբ ականատես կը դառնայ եղբայրներուն տառապանքներուն:  








All the contents on this site are copyrighted ©.