2018-01-19 08:45:00

Նալբանդեան – Մամետեարով հանդիպումին քննարկուած են տագնապի գօտիին մէջ լարուածութեան նուազեցման հարցերը։


Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ գրած է արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան:

Քրաքովի մէջ, նախապէս, միջնորդներու հետ հանդիպած էր Էդուարդ Նալբանդեանը եւ հանդէս եկած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հեռանկարին վերաբերեալ յայտարարութեամբ:

Նալբանդեան յայտարարած էր, որ Պաքուն որքան շուտ գիտակցի, որ առաջարկուող սկզբունքները մէկ ամբողջութիւն են, այնքան շուտ կարելի պիտի ըլլայ հունի մէջ դնել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը:

«Հայաստանը, համանախագահ երկիրներուն հետ միասին, պիտի շարունակէ ուղիներ փնտռել բանակցութիւններու յառաջ մղման համար անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծման շուրջ Վիեննայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի վեհաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու եւ եռանախագահներու առաջարկներու իրագործման ուղղութեամբ, որոնք մասնաւորապէս կը վերաբերին տագնապի գօտիին մէջ լարուածութեան նուազեցման, 1994-95 թուականներու եռակողմանի զինադադարի անշեղ պահպանման, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի համակարգման կարողութիւններու ընդլայնման, զինադադարի խախտումներու հետաքննութեան կառուցակազմի ստեղծման:

«Եթէ Պաքուն հետեւի համանախագահներու` զինադադարը խստօրէն յարգելու կոչերուն, կատարէ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, կառուցողաբար ներգրաւուի բանակցային հոլովոյթին մէջ, վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած տագնապի խաղաղ լուծման սկզբունքներուն` կարելի պիտի ըլլայ ճամբայ հարթել խաղաղութեան հոլովոյթը յառաջ մղելու համար: Պաքուն յաճախ կը խօսի, թէ շահագրգռուած է, որ իրավիճակը փոխուի: Ակնյայտ է, որ անոր հասնելու գործնական ճամբան վերոյիշեալին իրականացումն է: Համանախագահները տարիներ շարունակ կը յայտարարեն, որ իրենց կողմէ` փուլային իրականացումով փաթեթային հանգուցալուծման նպատակով առաջարկուող սկզբունքներն ու տարրերը մէկ ամբողջութիւն կը հանդիսանան, եւ անոնցմէ մէկուն նախապատուութիւն տալու փորձերը անկարելի պիտի դարձնեն տագնապին լուծումը: Որքան շուտ Պաքուն գիտակցի այս իրողութիւնը, այնքան շուտ կարելի պիտի ըլլայ գործնական հունի մէջ դնել լուծման հոլովոյթը», շեշտած էր նախարար Նալբանդեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.