2018-01-17 08:57:00

Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպեցաւ մտաւորականներու հետ


«Հայաստանի ազգային հերոս» բարձրագոյն կոչման արժանացած Յովհաննէս Չէքիճեանին հայրենիքի շքանշանի յանձնման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք, նախագահ Սերժ Սարգսեան, Յունուար 16-ին, իր նստավայրին մէջ, թէյի սեղանի շուրջ հանդիպում  ունեցաւ այդ արարողութեան մասնակից խումբ մը մտաւորականներու հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հետք»-ը։

Նախագահը, նշելով, որ անցեալ տարիներուն պարբերաբար հանդիպումներ ունեցած է մտաւորականութեան ներկայացուցիչներու հետ՝ անգամ մը եւս ընդգծեց մտաւորականութեան դերն ու առաքելութիւնը եւ առաջարկեց բաց ու անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ խօսիլ Հայաստանի եւ անոր ապագային մասին՝ յատկապէս Սահմանադրութեան փոփոխութիւններէն ետք կառավարման նոր համակարգի պայմաններուն տակ՝ ակնկալելով լսել մտաւորականներու տեսակէտները, առաջարկները, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւններն ու գնահատականները երկիրի իրականութեան վերաբերեալ:

Հանդիպման մասնակիցները կարեւոր նկատեցին նման հանդիպումներն ու քննարկումները, խօսեցան Հայաստանի ապագայի իրենց պատկերացումներուն, հասարակութիւնը մտահոգող հարցերուն, երիտասարդներու կրթութեան, պետութեան քաղաքացի դաստիարակելու գործին մշակոյթի մեծ դերին, հայոց լեզուի անաղարտութեան պահպանման եւ շարք մը այլ հարցերու մասին:

Նախագահը պատասխանեց նաեւ երկրի անվտանգութեան, պաշտպանութեան, արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ մտաւորականները հետաքրքրող հարցումերուն:

Ապագայ նախագահի մասին մտաւորականներու հարցումին պատասխանելով՝ Սարգսեան ներկայացուց իր պատկերացումը, նշելով, որ իր կարծիքով՝ ան պէտք է ըլլայ անձ մը, որ անցած ճանապարհ ունի, ունի ճանաչում ե՛ւ երկրի ներսը, ե՛ւ դուրսը, կրնայ պատշաճ մակարդակով, ըստ արժանւոյն ներկայացնել Հայաստանը արտերկրի մէջ, այսինքն՝ կատարել իր ներկայացուցչական պաշտօններ թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ երկրէն դուրս: Ապագայ նախագահը, Սերժ Սարգսեանի պատկերացումով, պէտք է տիրապետէ օտար լեզուներ, ունենայ լայն կապեր թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ, պէտք է վայելէ հեղինակութիւն եւ որ, իր կարծիքով, ամէնէն կարեւորն է, պէտք է ըլլայ անկողմնակալ, մէկը, որ երբեք քաղաքականութեամբ չէ զբաղած եւ կուսակցութեան անդամ չէ եղած:








All the contents on this site are copyrighted ©.