2018-01-16 11:04:00

Ռուսիա պիտի աջակցի Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման Իտալիոյ ջանքերուն. Լուքաշեւիչ


ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ ԵԱՀԿի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ Յունուար 12ին յայտարարած է, թէ Ռուսիա պիտի աջակցի ԵԱՀԿի նախագահութիւնը ստանձնած Իտալիոյ ջանքերուն՝ Արցախի հակամարտութիւնը կարգաւորելու ուղղուած։ Ան այս հաստատումը կատարած է ԵԱՀԿի մնայուն խորհուրդի նիստին ընթացքին, ի պատասխան Վիեննայի մէջ գործող ԵԱՀԿի ներկայ նախագահ Անճելինօ Ալֆանոյի նախօրէին կատարած յայտարարութեան:

«Հաւասար պայմաններով համագործակցութեան փոխարէն, մենք կը տեսնենք կրկնակի չափորոշիչներ եւ կը լսենք յայտարարութիւններ՝ ժողովուրդներու եւ երկիրներու «բացառիկութեան» մասին, որոնք չեն օգներ հարցերու լուծման, այլ հակառակը՝ նոր խնդիրներ ու հակամարտութիւններ կը ստեղծեն՝ աւելի տկարացնելով բոլորը՝ ահաբեկչութեան, անօրինական գաղթերու, թմրանիւթերու, մարդոց առեւտուրի եւ կազմակերպուած յանցագործութեանց ընդհանուր սպառնալիքներուն դիմաց», աւելցուցած է Լուքաշեւիչ:

Ան շեշտած է, թէ Մոսկուա լիովին կը կիսէ նախագահութեան տրամադրուածութիւնը՝ ուղղուած տարածաշրջանային հակամարտութիւններու կարգաւորման գծով ԵԱՀԿի ջանքերու շարունակման:








All the contents on this site are copyrighted ©.