2018-01-15 09:09:00

Համասի պատասխանատուներէն Մահմուտ Համտան Լիբանանի մէջ մահափորձի կ՛ենթարկուի


Կիրակի, Յունուար 14-ի կէսօրին, պայթում մը ցնցած է Լիբանանի Սայտա շրջանը: Պայթումը պատահած է ականուած ինքնաշարժի մը միջոցով, Պուսթան թաղամասին մէջ, «Իման» դպրոցին կից:

Ըստ «Ազդակ»-ի՝ պայթումին առաջին վայրկեաններէն արդէն իսկ յստակ դարձած է, որ անիկա թիրախ կը դարձնէր Համասի պատասխանատուներէն Մոհամետ Համտանը (Ծանօթ` Ապու Համզա Համտան ծածկանունով), որ միայն վիրաւորուած է:

Բանակի հրամանատարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Սայտայի պայթումին համար օգտագործուած է 500 կրամ պայթուցիկ նիւթ կշռող ական մը, որ զետեղուած է Համտանի ինքնաշարժին տակ:

Լիբանանի մէջ Համասի ներկայացուցիչ Ալի Պարաքէ հաստատած է, որ Մոհամետ Համտան Համասի պատասխանատուներէն է` աւելցնելով, որ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, թէ թշնամի Իսրայէլ կը կանգնի այդ մահափորձին ետին:

Պարաքէ նշած է, որ Սայտայի մէջ պայթում կատարելով՝ Իսրայէլ կը փափաքի իր ճակատումը ներքին պաղեստինեան շրջանակէն դուրս բերել:








All the contents on this site are copyrighted ©.