2018-01-15 08:59:00

Իրանի մէջ այսօր սուգի օր յայտարարուած է


Իրանի իշխանութիւնները Յունուար 15-ը ազգային սուգի օր յայտարարած են՝ Չինաստանի ափերուն վթարի ենթարկուած եւ խորտակուած քարիւղ տեղափոխող նաւու անձնակազմի զոհերուն յիշատակին:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի,  կը հաղորդէ Gazeta.ru-ն` յիշեցնելով, որ Յունուար 6-ին նաւը բախած էր չինական բեռնատար նաւուն, որուն իբրեւ  հետեւանք բռնկած: Անիկա օրեր շարունակ այրած էր: Այսօր՝ առաւօտ կանուխ ստացուած տեղեկութեան համաձայն՝ նաւը ութ օր այրելէ յետոյ խորտակուած է:

Իրանական նաւուն 32 հոգիէ կազմուած ողջ անձնակազմը զոհուած է: Իրանցի պաշտօնեային խօսքով` անձնակազմը զոհուած է գրեթէ ակնթարթօրէն բախման հետեւանքով տեղի ունեցած պայթումին պատճառով:

Իրանի իշխանութիւնները յայտնած են, որ ցոյցերուն ընթացքին արձանագրուած է 25 զոհ

Իրանի դատական իշխանութիւնները յստակացուցած են վերջերս երկրին մէջ տեղի ունեցած ցոյցերու ընթացքին զոհուածներու եւ ձերբակալուածներու թիւը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ զոհերուն թիւը 25 է, իսկ ձերբակալուածներունը` 400:

Նախապէս կը հաղորդուէր, որ զոհերուն թիւը 20 է, իսկ ձերբակալուածներունը` 450:

Յիշեցնենք, որ Իրանի շարք մը մեծ քաղաքներուն, որոնց շարքին մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ 28 դեկտեմբեր 2017-էն սկսեալ քանի մը օր շարունակ տեղի ունեցած էին ընկերային պահանջներով զանգուածային բողոքի ցոյցեր:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարած է, որ ցոյցերուն պատճառը երկրին ներքին խնդիրներն էին, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու կողմէ հրահրումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.