2018-01-15 16:13:00

Եկեղեցական Գիտելիքներ Առաջին Կիրակի Յայտնութեան (14-21 Յունուար 2018)


Կիրակի 14 Յունուարին, տակաւին կը գտնուինք Յայտնութեան Ութօրէքին մէջ եւ ամէն ինչ կը կատարուի իբրեւ թէ Քրիստոսի Յայտնութիւնն ու Մկրտութիւնը կը տօնենք։ Այս շրջանին կը կարդացուին կամ Յիսուսի Մկրտութեան աւետարանները, կամ ալ` Մոգերու Յայտնութեան աւետարանը։

Կիրակի օր` կը տեսնենք Յիսուս, անմեղը` որ կու գայ խնդրելու մկրտութիւն Յովհաննէս Մկրտիչէն։ երեք պատճառներ կան Քրիստոսի այս նխաձեռնութեան. Նախ կու գայ ամբողջացնելու Յովհաննէսի մկրտութիւնը. Յովհաննէս կը մկրտէ ջուրով, իսկ Յիսուս` Սուրբ Հոգիով։ Ապա կ՛ուզէ օրինակ հանդիսանալ մարդկութեան թէ մկրտութիւնը անհրաժեշտ է մտնելու համար Աստուծոյ արքայութիւնը։ Ի վերջոյ` մկրտութեամբը կր յայտնէ Ամենասուրբ Երրորդութեան երեք անձերը, Հայրը, Որդին եւ Հոգին, որոնց ներգործութեամբ մենք կը դառնանք քրիստոնեայ եւ իրաւունք կ՛ունենանք ժառանգելու յաւիտենական կեանքը։

Երկուշաբթի 15 Յունուարին կը տօնենք Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի տօնը, որ է իր քարոզութեան յիշատակը անապատին մէջ. Ան կոչուած է կարապետ, որովհետեւ կ՛առաջնորդէ ժողովուրդը դէպի Քրիստոս, ինչպէս նաեւ կը պատրաստէ ճանապարհը անոր գալստեան։ Յովհաննէս երեք տօն ունի տարուան ընթացքին. Մին յունուար 15-ին, կամ անոր մօտակայ թուական մը, երկրորդը` Զատկուայ յաջորդող շաբաթ օրը, Յինանց շրջանին, որ իր գլխատման յիշատակութիւնն է, իսկ երրորդը` Յինանց շրջանէն անմիջապէս ետք` կը յաջորդէ Հռիփսիմեանց եւ Գայեանեանց տօներուն։

Երեքշաբթի 16 Յունուարին` տօնն է Պետրոսի, Աղեքսանդրիոյ հայրապետին եւ իր օգնական` Աբիսողոմ Սարկաւագին։ Պետրոսը Աթանասի նախորդին նախորդն էր եւ հալածանքներու ընթացքին Աղեքսանդրիոյ հայրապետական աթոռին վրայ բարձրացաւ։ Ան ամէն ջանք թափեց պաշտպանելու համար իրեն յանձնուած հօտը հալածանքներու ժամանակ։ Պայքարեցաւ նաեւ Մելիտոսի դէմ որ նոր աղանդի մը դուռը կը բանար Եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ յետագային` Արիոսի դէմ։ Անգամ մը աքսորուեցաւ, Մելիտոսի պատճառաւ, ապա ետ դարձաւ իր թեմը որ անտէր մնացած էր կայսերական հալածանքներու պատճառաւ։

Երբ Մաքսիմիանոս հազարապետը Աղեքսանդրիա եկաւ, Պետրոս արդէն բանտարկուած էր, քրիստոնէութեան պատճառաւ. Հռովմայեցի զինուորականը ուզեց զինք բանտէն հանել եւ գլխատել տալ, սակայն բոլոր ժողովուրդը պատնէշի նման կայնեցաւ բանտին առջեւ եւ չթողուց որ սուրբը դուրս հանուի։ Այն ատեն, հայրապետը ինք ուղարկեց իր հաւատարիմ սարկաւագը` Աբիսողոմ, որպէսզի խորհուրդ տար Մաքսիմիանոսի գիշերով գալ բանտը եւ պատը ծակելով` զինք դուրս հանել եւ տանիլ նահատակութեան վայրը. Ինչ որ կատարեց հազարապետը եւ սուրբը իր արիւնի հեղումովը ընդունեցաւ նահատակութեան պսակը 311-ին։ Աբիսողոմ եւս իր կարգին խոստովանական մահով կնքեց իր կեանքը։

Հինգշաբթի 18 Յունուարին ` կը տօնենք Մեծն Թէոդոս կայսրը, որ տիրեց Բիւզանդական աշխարհի վրայ 379-395 թուականը. Իր ժամանակ է որ կայսրութեան պետակօն կրօն հռչակուեցաւ քրիստոնէութիւնը – մօտ 80 տարի վերջ Հայաստանէն -։

Կը տօնենք նաեւ Եփեսոսի 7 երիտասարդ ննջողներու տօնը, որոնք 250 թուին` փախչելով հալածանքներէն, ապաւինեցան քարայրի մը մէջ, ուր իրենց վրայ քուն մը եկաւ որ տեւեց 100 տարիէն աւելի. Արթնցան Մեծն Թէոդոսի օրով եւ տեսնելով որ կայսրութիւնը ամբողջ քրիստոնեայ դարձած էր, մեծապէս մխիթարուեցան ու մի քանի օր ապրելէ ետք` մահացան Եփեսոսի մէջ։

Շաբաթ 20 Յունուարին, տօնն է Աղեքսանդրիոյ Եկեղեցեւոյ երկու մեծ հայրապետներու. Սուրբ Աթանասի եւ Սուրբ Կիւրեղի։

Աթանաս ծնած է Աղեքսանդրիա 295 թուին։ Փոքր հասակէն տեղւոյն եպիսկոպոսը կ՛առնէ զինք իր հովանաւորութեան տակ եւ շուտով կը դառնայ եկեղեցւոյ գլխաւոր սիւներէն մին, իր փարումովը Սուրբ Երրորդութեան ճշմարիտ հաւատքին։ 326-ին կ՛ըլլայ հայրապետ Աղեքսանդրիոյ. Բազմիցս կը հալածուի ու կ՛աքսորուի Արիոսի դէմ իր մղած անտեղիտալի պայքարին պատճառաւ։ Կը վախճանի 373-ին, Աղեքսանդրիա։ Իսկ Կիւրեղ ծնած է դարձեալ Աղեքսանդրիա 375-ին. Հետագային կը դառնայ ինք եւս հայրապետ Աղեքսանդրիոյ 412-ին, կը նախագահէ Եփեսոսի տիեզերական ժողովին (431ին) ուր դատապարտել կու տայ Նեստորը, հաստատելով միութիւնը Քրիստոսի մէջ. Կը վախճանի 444-ին, Աղեքսանդրիա

20 Յունուարին սկիզբ կ’ առնէ Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի շաբաթը…  մինչեւ  28։

Միութեան համար աղօթքներու շաբաթ

Սովորութիւն է Եկեղեցւոյ մէջ` ամէն տարի  աղօթքներ կատարել եկեղեցիներու միութեան համար յունուարի վերջերը։ Ընդհանրապէս բոլոր լատին ծէսի պատկանող համայնքները կը հրաւիրեն արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու քահանաներ, այս առթիւ` իրենց ծէսով սուրբ պատարագ մատուցանելու, ցոյց տալով այսպէսով Տիեզերական Եկեղեցւոյ հարստութիւնն ու բազմազանութիւնը, միութեան մէջ։

Կիրակի 21 Յունուարը’  Առաջաւորի Բարեկենդան է:

 

 

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.