2018-01-15 13:00:00

Դէպի Չիլի ճամբորդութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապին հեռագիրները


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 15 յունուար 2018-ին,  Չիլի  եւ Փերու կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, աւանդութեան համաձայն, ֆրանչիսկոս Պապ հեռագինրեր յղեց թռիչքի ընթացքին օթային տարածքէն սաւառնած երկիներու նախագահներուն որոնց շարքին՝ Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Սպանիոյ,  Մաղրէպի, Քանարիէ կղզիներու, Կանաչ Ակունքներու,  Սենեկալի    Պրազիլի,  Պոլիվիոյ, Արժանթինի եւ Չիլէի նախագահներուն։   

Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ՝ Սերճիօ Մաթթարելլայի յղած հեռագիրին մէջ Սրբազան Հայրը գրած  է « մինչ՝ Հռոմ քաղաքը կը թողում՝  մեկնելով Չիլէ եւ Փերու՝ զօրակցելու եւ յոյսի պատգամը փոխանցելու տեղական եկեղեցւոյ, հաճելի է ինծի ձեզի ուղղել իմ ողջոյնս ՝ միացած իմ բարեմաղթանքներուս՝ Իտալիոյ ժողովուրդին՝  հոգեւոր,  քաղաքացիական եւ ընկերային բարօրութեան համար,  որուն սիրայօժար կը շնորհեմ առաքելական օրհնութիւնս»

Սրբազան Քահանայապետը վերոնշեալ  միւս երկիրներու նախագահներուն եւս կը յղէ հեռագիրեր, ողջունելով այդ երկիներուն նախագահներն ու ժողովուրդները, ու անոնց ապահովեցնելով  իր աղօթքը  վասն խաղաղութեան:

Յայտնենք թէ Նորին Սրբութեան օդանաւը՝ Չիլէ չի հասած կը սաւառնի նաեւ Սրբազան Քահանայապետի ծննդավայր Արժանթինի օդային տարածքէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.