2018-01-14 12:10:00

Մարեմեան աղօթք ու գաղթականներու եւ փախստականներու համաշխարհային օրուայ նոր թուականի հաստատում։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 14 Յունուար 2018-ի կէսօրին, գաղթականներու ու փախստականներու համաշխարհային օրուան առթիւ, սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցած սուրբ պատարագէն ետք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց նաեւ խորհրդածութիւն մը ներշնչուած օրուան աւետարանական հատուածէն, ուր Յովհաննէս Աւետարանիչը կ՛անդրադառնայ Յիսուսի՝ Յորդանան գետին մէջ մկրտութենէն ետք, Յովհաննէս Մկրտիչին որ իր աշակերտներուն կը յայտնէ թէ Յիսուս «Աստուծոյ Գառնն» է ու զանոնք կը հրաւիրէ հետեւելու Քրիստոսին։

«Այժմ մենք եւս, որ Սուրբ Ծննդեան խորհուրդին մէջ տեսանք Զինք, կանչուած ենք հետեւելու Անոր՝ առօրեայի կեանքին մէջ» ըսաւ Քահանայապետը, դիտել տալով թէ աւետարանական դրուագը մեզի ցոյց կու տայ հաւատքի ուղեւորութեան հիմնական ճանապարհը։

«Յիսուսի հարցումը «Ւ՞նչ կը փնտռէք» ուղղուած է նաեւ մեզի, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրս փնտռտուքի մէջ է. երջանկութեան, սիրոյ, լաւ կեանքի փնտռտուք, եւ Հայր Աստուած այս բոլորը մեզի պարգեւեց իր Որդւոյն Յիսուսի միջոցաւ» յարեց Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչին որպէս առաջին եւ իսկական վկայ մը որ կարող է ուղղել իր աշակերտները դէպի Յիսուսը որ ապա զանոնք կը ներգրաւէ նոր փորձառութեան մը մէջ «Եկէք եւ տեսէք»։

«Մենք կարող ենք բազմաթիւ փորձառութիւններ ապրիլ, իրականացնել բազմաթիւ բաներ, մարդոց հետ կապեր հաստատել սակայն միայն Յիսուսին հետ ժամադրութիւնը կարող է մեր կեանքին պարգեւել իսկական ու լիակատար իմաստ ու մեր ծրագիրներն ու ձեռնարկները դարձնել պտղատու» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ բաւարար չէ միայն Աստուծոյ մասին գաղափար մը ունենալ «ըսի ըսաւ»ներու վրայ հիմնուելով, այլ հարկաւոր է երթալ ու տեսնել թէ ո՞ւր կը բնակի Վարդապետը, որպէսզի կարենանք հետը ապրիլ։

«Հաւատքի կեանքը արդարեւ հիմնուած է Տիրոջ հետ միասին ըլլալու իղձին վրայ, ու այն յարատեւ փնտռտուքին՝ իմանալու թէ ո՞ւր կ՛ապրի Ան», ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու Տիրամօր բարեխօսութիւնը հայցեց, որպէսզի Ան մեզի թիկունք կանգնի մեր՝ Յիսուսին հետեւելու յանձնառումին մէջ, երթալով ու մնալով այնտեղ ուր կը բանկի Տէրը, ունկնդրելու համար Անոր կեանքի Խօսքը, յարելու Անոր որ թողութիւն կը շնորհէ աշխարհի մեղքերուն ու Անոր մէջ վերագտնելու հոգեւոր նոր սլացք եւ յոյս» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը ու արտասանելէ ետք Մարեմեան աղօթքը ողջունեց հրապարակը համախմբուած բազմահազար ուխտաւորները եւ ակնարկեց այսօր յիշատակուող գաղթականներու ու փախստականներու համաշխարհային օրուան  եւ այս առթիւ առաւօտեան մատուցած սուրբ պատարագին, ինչպէս նաեւ օրուան առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ պարունակուած խօսքին «ամէն պանդուխտ որ մեր դուռը կը բախէ առիթ է հանդիպելու Յիսուս Քրիստոսի հետ, որ ինքզինք կը նոյնացնէ ամէն ժամանակի ընկալուած կամ մերժուած օտարականին հետ»։ Այս առնչութեամբ Սրբազան Քահանայապետը նշեց  թէ «մեր միասնական պատասխանը հիմնուած է Եկեղեցւոյ Վարդապետութեան չորս հիմնական բայերու վրայ « ընկալել. պաշտպանել. խթանել ու ներառել», ապա  հաստատեց թէ այսօրուընէ անդին, հովուական պատճառներու համար, գաղթականի ու փախստականի համաշխարհային օրը պիտի յիշատակուի Սեպտեմբերի Բ կիրակին, ու յաջորդը՝ որ 105-րդն է, պիտի նշուի 8 դեկտեմբեր 2019-ին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա յիշեց թէ վաղը սկիզբ կ՛առնէ Չիլէ եւ Փերու առաքելական ճամբորդութիւնը ու հաւատացեալներէն խնդրեց որ իրեն ընկերանան այդ ճամբորդութեան ընթացքին ապա ողջունեց հրապարակը համախմբուած զանազան վայրերէն ժամանած ուխտաւորները՝ հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի՝ ինչպէս միշտ յանձնարարելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.