2018-01-14 10:45:00

Գաղթականներու եւ Փախստականներու նուիրուած սուրբ պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) «Այս տարի ուզեցի գաղթականի ու փախստականի համաշխարհային օրը յիշել Սուրբ Պատարագով մը որուն հրաւիրուած էք դուք գաղթականներդ, փախստականներդ ու ապաստան խնդրողներդ» Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ, գաղթականներու ու փախստականներու օրուան առթիւ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 49 երկիրներ ներկայացնող գաղթականներ ու փախստականներ ինչպէս նաեւ 70 երկիրներու Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ։

Գաղթականներու շարքին էին՝ 650 Հնդիկներ, 50 Լիբանանցի մարոնիթներ, 800 Ռումանացիներ, 1200 Ուքրանացիներ, 2000 ֆիլիփինցիներ, 25 Չինացիներ ու այլ ազգութիւններու պատկան հաւատացեալներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզին մէջ  մատնանշեց ապա օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն քաղուած Սամուէլ մարգարէի գիրգէն ու Յովհաննէսի Աւետարանէն (Գլ 1, 35-42) ուր առաքեալը կ՛անդրադառնայ Յովհաննէս Մկրտիչի աշակերտներու մասին, որոնք ականատես ըլլալով Յիսուսի մկրտութեան դրուագին կ՛ որոշեն անոր հետեւիլ, ու մինչ անոր ետեւէն կ՛ընթանային, Յիսուս ետ դառնալով հարց կու տայ «ի՞նչ կ՛ուզէք» անոնք կը պատասխանեն «Ռաբբի ուր կը բնակիս» եւ  Յիսուս անոնց կ՛ըսէ «եկէք եւ տեսէք»,  «անոնց առջեւ բանալով անձնական հանդիպումի առիթ մը» ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով թէ «հանդիպումը  ընդհանրապէս կը պահանջէ համարժէք ժամանակ տրամադրել՝ ընկալելու,  ճանչնալու ու ծանօթանալու միւսին» ու մէջբերեց Գաղթականներու ու փախստականներու համաշխարհային օրուան առթիւ հրապարակած պատգամէն հետեւեալ խօսքը «ամէն պանդուխտ որ մեր դուռը կը բախէ առիթ է հանդիպելու Յիսուս Քրիստոսի հետ, որ ինքզինք կը նոյնացնէ ամէն ժամանակի ընկալուած կամ մերժուած օտարականին հետ»։

«Ամէն մէկ պանդուխտի, գաղթականի, փախստականի ու ապաստանեալի համար եւս ամէն մէկ նոր երկրի դուռը առիթ է հանդիպելու Յիսուսին որուն «եկէք եւ տեսէք» հրաւէրը այսօր ուղղուած է նաեւ մեզի բոլորիս, տեղական հասարակութիւններ եւ նոր ժամանողներ» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը նշելով թէ այդ մէկը «հրաւէր մըն է յաղթահարելու մեր վախերը եւ ընթանալու դէպի ուրիշը, զայն ընկալելու, ճանչնալու ու անոր ծանօթանալու համար» ապա դիտել տուաւ թէ այսօրուայ աշխարհին մէջ, ընկալել, ճանչնալ ու ծանօթանալ, փոխադարձ արարք մըն է «նոր հասնող գաղթականներուն համար  կը նշանակէ յարգել զիրենք հիւրընկալող երկիրներուն օրէնքներն ու մշակոյթը ու կը նշանակէ նաեւ հասկնալ այդ գաղթականներու վախերն ու ապագային նկատմամբ մտավախութիւնները»։

«Տեղական հասարակութիւններուն համար ընկալել, ճանչնալ ու ծանօթանալ կը նշանակէ առանց նախապաշարումներու բացուիլ տարբերութիւններու հարստութեան, հասկնալ նոր հասնողներուն յոյսերն ու ուժականութիւնը, ինչպէս նաեւ ըմբռնել անոնց դիւրաբեկութիւնն ու վախերը» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ իսկական հանդիպումը  չի սահմանափակուիր հիւրընկալութեան մէջ, այլ մեզ կը մղէ յանձնառու ըլլալ  գաղթականութեան համաշխարհային օրուան պատգամին մէջ պարունակուած երեք արարքներու նկատմամբ «պաշտպանել, խթանել ու ներառել»։

Աւետարանական առակը մեզի կը սորվեցնէ թէ Տէրը անօթի, ծարաւի, մերկ, հիւանդ, օտարական ու բանտարկեալ էր ու մի քանիները անոր օգնութեան հասան մինչ ուրիշները ոչ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ «դիւրին չէ մուտք գործել մեզմէ տարբեր՝ ուրիշներու մշակոյթին մէջ, հասկնալ անոնց միտքերն ու փորձառութիւնները, եւ ասոր համար շատ անգամ կը հրաժարինք այդ հանդիպումէն ու պաշտպանութեան պատեր կը բարձրացնենք»։

Տեղական հասարակութիւնները կ՛ապրին վախը թէ նոր ժամանողները կը խանգարեն իրենց հանգիստը մինչ նոր հասնողները վախ ունին ուրիշներու դատումէն, խտրականութենէն ու ձախողութեան սպառնալիքէն»։

«Բոլոր այս վախերը վաւերական են ու հիմնուած տարակոյսներու վրայ», ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ տարակուսիլը մեղք չէ, մեղք է  թոյլ տալ որ այդ վախերը պայմանաւորեն մեր ընտրանքները։ Մեղք է ապա հրաժարիլ ուրիշի, տարբերի ու մերձաւորի հետ հանդիպումէն, որ իրականութեան մէջ իւրայատուկ առիթ է հանդիպելու Տիրոջ հետ»  հաստատեց Քահանայապետը ընդգծելով թէ Յիսուսի հետ հանդիպումէն, որ ներկայ է աղքատին, անտեսուածին, փախստականին ու ապաստանեալին մէջ, ծնունդ կ՛առնէ մեր այսօրուայ աղօթքը։ «Փոխադարձ աղօթք մը, Գաղթականներն ու փախստականները կ՛աղօթեն տեղական հասարակութիւններուն համար ու այս վերջիններս կ՛աղօթեն նոր հասած գաղթականներուն համար ու այն գաղթականներուն որոնք արդեն բնակութիւն հաստատած են» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հուսկ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը հայցելով, Անոր մայրական հովանինն յանձնեց աշխարհի բոլոր գաղթականներուն ու փախստականներուն յոյսերը ու զանոնք ընկալող հասարակութիւններուն ձգտումները, «որպէսզի, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը. համապատասխան Աստուածային սիրոյ ամենամեծ պատուիրանին, բոլորս սորվինք սիրել ուրիշը, օտարականը, այնպէս ինչպէս մենք մեզ կը սիրենք»








All the contents on this site are copyrighted ©.