2018-01-13 08:14:00

Աշխարհի վրայ 215 միլիոն քրիստոնեաներ թիրախ են հալածանքներու։


(Ռատիօ Վատիկան) Աշխարհի վրայ քրիստոնեաներու դէմ հալածանքը աճումի մէջ է։ Աւելի քան 50 երկիրներու մէջ անոնք հարստահարուած են եւ Հիւսիսային Քորէան այդ երկիրներու ցանկին առաջին տեղը կը գրաւէ, մինչ Փաքիստանը համարուած է այն երկիրը ուր Քրիստոնեաները աւելիով թիրախ են բռնութիւններուն։  Այս մէկը կը բացայայտէ « Open Doors – Բաց դուռեր» կազմակերպութիւնը՝ 2018 տարուայ հրապարակած տեղեկագիրին մէջ, ուր ի յայտ կու գայ թէ աշխարհի մէջ աւելի քան 215 միլիոն քրիստոնեաներ հալածուած են։ Անոնք յաճախ թիրախ են ճնշումներու, խտրականութեան, չարաշահումներու ու բռնութիւններու ու ենթարկուած մահուան սպառնալիքին՝ իրենց կրօնական պատկանելիութեան ու հաւատքի պատճառաւ։

«Հալածուած հաւատացեալներու թիւը աճումի մէջ է» կը հաստատէ այս առընչութեամբ վերոնշեալ կազմակերպութեան Իտալական մասնաճիւղի տնօրէնը՝ Քրիստեան Նանի, որ կը նշէ նաեւ թէ աւելի քան 15 հազար եկեղեցիներ, տուներ ու քրիստոնեաներու խանութներ, յարձակումներու թիրախ դարձած են՝ նոյեմբեր 2016-էն մինչեւ հոկտեմբեր 2017-ն։

«Բաղդատմամբ անցեալ տարուայ տուեալներուն, քրիստոնեայ մարտիրոսներու թիւը կրկնապատկուած է, կիներ մարդիկ ու մանուկներ սպաննուեցան պարզապէս որովհետեւ քրիստոնեայ էին։ Խօսքը չի հայիր այն քրիստոնեաներուն որոնք մահացան քաղաքացիական պատերազմի կամ ռումբերու տակ, ինչպէս է պարագան Միջին Արեւելքի հաւատացեալներուն։ Խօսքը կը հայի 3.066 անձերու որոնք դիտմամբ սպաննուեցան որովհետեւ քրիստոնեայ էին։ Այս թիւը բաւարար է բացայայտելու համար աշխարհի մէջ հակա քրիստոնէական հալածանքի ծաւալը, որուն առաջնակարագ երեւոյթներէն մին է «իսլամական ճնշումը» որ կը գերազանցէ իսլամական ծայրայեղութիւնը» յայտնեց միշտ Բաց Դռներ կազմակերպութեան տնօրէնը, մատնանշելով նաեւ այլ մէկ երեւոյթի մը՝ որ է «կրօնական  ազգայնամոլութիւնը» որուն նպատակն է համայն ազգի մը բանեցնել կրօնական միակ աւանդութիւն մը, ու այս մէկը յատկապէս տեսանելի է Հնդկաստանի մէջ, ուր քրիստոնեաներու նկատմամբ խտրականութիւնը միշտ աւելիով աճ կ՛արձանագրէ։

Քրիստոնեաներուն դէմ հարստահարումներ բանեցնող  50 երկիներու ցանկին առաջինը Հիւսիսային Քորէան է, ուր քրիստոնէութիւնը համարուած է որպէս արեւմտեան կրօնք, որ կապ ունի ամերիկեան աշխարհին հետ, հտեւաբար արգիլուած կրօնք մը, եւ ասոր համար քրիստոնեաները հալածուած են երկրին բռնատէր վարչակարգի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.