2018-01-13 09:28:00

«Ընկալել, պաշտպանել, խթանել ու ներառել ապաստանեալները» Գաղթականներու 104րդ միջազգային օր։


(Ռատիօ Վատիկան) 14 Յունուար 2018-ին, Յայտնութեան երկրորդ կիրակին, կը նշուի Գաղթականներու եւ ապաստանեալներու 104րդ Միջազգային օրը, որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կիրակի 14 Յունուարին Սուրբ Պետրոսի մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ պատարագը, իսկ անցեալ 21 օգոստոս 2017-ին, Ան հրապարակած էր  պատգամ մը որուն բնաբանն էր «ընկալել, պաշտպանել, խթանել ու ներառել գաղթականները ու ապաստանեալները»։

Պատգամին մէջ Սրբազան Պապը նշած էր թէ իր հայրապետութեան առաջին տարիներուն միշտ յատուկ մտահոգութիւն ցուցաբերած է գաղթականներու եւ փախստականներու հանդէպ, որոնք խոյս կու տան պատերազմներէ, հալածանքներէ, բնական աղէտներէ եւ աղքատութենէ։

«Իւրաքանչիւր պանդուխտ որ մեր դուռը կը բախէ՝ առիթ մըն է Յիսուս Քրիստոսի հանդիպելու, որ ինքզինք կը նոյնացնէ ընկալուած կամ մերժուած օտարականին հետ (հմմտ. Մտթ ԻԵ.  35.43)» գրած է Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ,  ուր ապա նշած է թէ «Տէրը, Եկեղեցւոյ մայրական սիրոյն կը վստահի իւրաքանչիւր մարդկային էակ։ Հետեւաբար Եկեղեցին պէտք է ընկերանայ գաղթականներուն՝ անոնց մեկնումէն մինչեւ ժամանում եւ կամ վերադարձը»։

Այս առընչութեամբ Սրբազան Քահանայապետը առաջարկած է չորս բայեր՝ հիմնուած Եկեղեցւոյ վարդապետութեան վրայ. «ընկալել, պաշտպանել, խթանել եւ ներգրաւել» ու պատգամին մէջ մանրամասնօրէն  մեկնաբանած է այս չորս արարքները, առաջարկելով շօշափելի քայլեր եւ մաղթելով, որ պետութիւնները եւս որդեգրեն որոշ գործնական լուծումներ, գաղթականներուն եւ փախստականներուն մատուցելու համար  յարմար պայմաններ եւ ծրագրուած աշխատանք կատարուի տեղադրութեան նկատմամբ։

«Հարկաւոր է պաշտպանել գաղթականներն ու փախստականները, յարգելով  անոնց իրաւունքները եւ  արժանապատուութիւնը» գրած է ապա Սրբազան Հայրը  մաղթելով որ  գաղթականները վայելելով այդ յարգանքը՝ ունենան հիւրընկալող երկրին մէջ շարժելու ազատութիւնը, աշխատանքի կարելիութիւնը եւ հաղորդակցութեան միջոցներու մատչելիութիւն, այս ուղղութեամբ ընդգծելով նաեւ յատուկ ուշադրութիւն դարձնել անչափահաս անհատներու, որոնք զուրկ են չափահասի մը ընկերակցութենէն։

«Ֆրանչիսկոս Պապ նշած է ապա թէ կարեւոր է նկատի առնել կրօնական համոզումները՝ տալով կրօնքը դաւանելու եւ ապրելու  ազատութիւնը. նկատի առնել անհատներու կարողութիւնները, նաեւ աշխատանքի հայթայթումով. եւ պահպանել ընտանիքի ամբողջականութիւնը»։ Ան մատնանշելով նաեւ գաղթականներուն ներգրաւումին՝  ընկերութենէն ներս դիտել տուած է  թէ գաղթականներու եւ փախստականներու ներկայութիւնը կը նպաստէ միջ-մշակութային հարստացումին։

«Ներգրաւելը ձուլում չէ, որովհետեւ ձուլումը կ՛առաջնորդէ մշակութային ինքնութեան մոռացման» գրած է Նորին Սրբութիւնը յիշեցնելով թէ համաձայն հովուական աւանդութեան, Եկեղեցին տրամադիր է իրականացնել վերոյիշեալ առաջարկները։ Սակայն, հասնելու համար յուսացուած արդիւնքներուն անհրաժեշտ է նաեւ քաղաքական հասարակութեան եւ քաղաքային ընկերութեան ներդրումը՝ իւրաքանչիւրն ըստ սեփական պատասխանատուութեան համաձայն։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր պատգամի աւարտին գրած է « 15 օգոստոսին, կը կատարենք Աստուածածնի վերափոխման տօնը։ Աստուածամայրը իր անձին վրայ զգաց գաղթականութեան խստութիւնը (հմմտ Մտթ Բ. 13-15), ան սիրալիր կերպով ընկերացաւ իր որդւոյն մինչեւ Գողգոթա եւ այժմ կը բաժնեկցի Անոր փառքին։ Անոր մայրական բարեխօսութեան վստահինք աշխարհի բոլոր գաղթականներու եւ փախստականներու յոյսերը, եւ զանոնք ընկալով համայնքներուն իղձերը, որպէսզի համաձայն աստուածային գերագոյն պատուիրանին՝ բոլորս սորվինք սիրել ուրիշը, օտարականը՝ այնպէս ինչպէս մենք մեզ կը սիրենք։»








All the contents on this site are copyrighted ©.