2018-01-12 12:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապ 28 յունուարին կը հանդիպի Հռոմի Ուքրանիոյ Յոյն կաթողիկէ համայնքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ Կիրակի 28 յունուար 2018-ի, կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն պիտի կատարէ Հռոմի Սանթա Սոֆիա եկեղեցւոյ այնտեղ հանդիպելու համար Ուկրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ հասարակութեան, լուրը կը յայտարարէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Կրէկ Պուրքը որ կը նշէ թէ Ֆրանչիսկոս Պապ սոյն այցելութիւնը պիտի կատարէ ընդառաջելով Ուկրանացիներու Աւագ Արքեպիսկոպոս եւ առաջնորդ՝ գերերջանիկ Սվիաթոզլաւ Շեվչուքի հրաւէրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.