2018-01-11 08:55:00

Փոքր տարիքին գաղթականները արտաքսելու Թրամփի որոշումին գործադրութիւնը կը կասեցուի


ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ, «Պի. Պի.Սի.».- Քալիֆորնիոյ դաշնակցային դատաւորներէն Ուիլեըմ Ալսուփ Յունուար 9ի երեկոյեան վճռեց ժամանակաւորապէս կասեցնել փոքր տարիքին Միացեալ Նահանգներ բերուած ապօրինի գաղթականները արտաքսելու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին գործադրութիւնը, որ կրնար սկսիլ յառաջիկայ Մարտին։

ՏԱՔԱ անունով ծրագիրով մը, նախորդ նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակարգը 2012ին որոշած էր չարտաքսել փոքր տարիքին ապօրինի միջոցներով Ամերիկա բերուած գաղթականները՝ անոնց շնորհելով կեցութեան, ուսանելու եւ աշխատելու ժամանակաւոր իրաւունք, սակայն անցեալ տարուան Սեպտեմբերին, Թրամփ որոշեց ջնջել այդ օրէնքը, որմէ կ՛օգտուին 700,000էն 800,000 գաղթականներ։

Դատաւորը իր վճիռին մէջ բացատրած է, թէ այդ օրէնքը ջնջելու համար արդարադատութեան նախարարութեան օգտագործած օրինական պատրուակը թերի էր, եւ շեշտած է, որ կարելի չէ՛ արտաքսումներու սկսիլ՝ մինչեւ երկրին ատեանները իրենց վերջնական վճիռը չարձակեն այս գծով։

Յիշենք, որ դատաւորին որոշումը կ՛առնչուի միայն անոնց, որոնք նախապէս դիմած են այս ծրագիրին ու այժմ երկարաձգում կը խնդրեն, այլ ոչ թէ նոր դիմողներու։

Թրամփ, որ Յունուար 10ին խստօրէն քննադատեց դատաւորին այս որոշումը, կը փորձէ նշեալ գաղթականներուն առնչութեամբ որոշումը կապել սահմանային պատ մը կառուելու իր խնդրայարոյց ծրագիրին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.