2018-01-11 08:38:00

Թուրքիոյ Յոյն եւ Ասորի համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները այցելեցին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարան


Թուրքիոյ յունական համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Կ․Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք Բարթողիմէոս Ա․-ն, ասորական ուղղափառ եկեղեցւոյ փոխպատրիարք Ֆիլուքսինոս Եուսուֆ Չեթին եւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Լեւոն Զէքեան Յունուար 8-ին այցելած են Պոլսի Հայոց պատրիարքարան: Այս մասին` ըստ “Արցախփրես”-ի՝ կը նշուի Պոլսի Հայոց պատրիարքութեան ֆէյսպուքեան էջին մէջ: Առաքելութեան նպատակը եղած է յատուկ տօնական այցով շնորհաւորել Թուրքիոյ հայ համայնքի Սուրբ Ծննդեան տօները: Հոգեւոր հիւրերը ընդունած է Պոլսի Հայոց պատրիարքի ընտրուած տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանը:

Հանդիպման ընթացքին հոգեւոր հայրերը անդրադարձած են Թուրքիոյ փոքրամասնութիւննեու ներկայ վիճակին, քննարկած շարք մը խնդիրներ, հայկական, յունական եւ ասորական համայնքներու միջեւ փոխգործակցութեան հեռանկարները:








All the contents on this site are copyrighted ©.