2018-01-11 08:44:00

Թունուզի մէջ տասնեակներով վիրաւորներ եւ 200 ձերբակալեալներ


Թունուզի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Թունուզի տարբեր քաղաքներու մէջ տնտեսական սեղմումի քաղաքականութեան դէմ բողոքի ցոյցերուն ընթացքին արձանագրուած են տասնեակներով վիրաւորներ եւ աւելի քան 200 ձերբակալեալներ:

Երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ բախումներուն ընթացքին 49 ոստիկաններ վիրաւորուած են եւ անկարգութիւններուն մասնակից 206 անձեր ձերբակալուած են:

Երեքշաբթի գիշեր ոստիկաններ եւ բանակայիններ տեղակայուած են բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, ուր հարիւրաւոր ցուցարարներ մէկ գիշեր առաջ բախումներու ընթացքին սպաննուած անձի մը յուղարկաւորութենէն ետք փողոց դուրս եկած էին:








All the contents on this site are copyrighted ©.