2018-01-10 09:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին նուէրը՝ կարիքաւորներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետի ողորմաբաշխ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հրաւէր ուղղած է՝ աղքատներուն, տնանկներուն, խումբ մը բանտարկեալներուն, կարիքաւոր ընտանիքներուն ու անոնցմով զբաղող կամաւորներուն, մասնակցելու կրկէսային մէկ հանդէսին, զոր տեղի կ՛ունենայ՝ հինգշաբթի 11 յունուարի երեկոյեան։

Ձեռնարկը կարելի եղած է Քազարելլի ընտանիքի եւ Ֆապրիցիօ Կրանտի գործարարի նուիրատուութեան շնորհիւ, որոնք յանձն առին 2100 տոմս տրամադրել Սրբազան Քահանայապետի բարեգործական գործունէութեան։ 

Հանդէսի աւարտին կարիքաւորներուն պիտի բաշխուի նաեւ ուտեստեղէնի տոպրակ մը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.