2018-01-10 10:15:00

Կարդինալ Զենարի «Թող Սուրիոյ կրօնապետերը՝ համերաշխութեան ճարտարապետներ դառնան»


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրիոյ մէջ Պապական նուիրակ՝ Կարդինալ Մարիօ Զենարի վերջերս Վատիկանի Ռատիօ կայանի հետ ունեցած ցրոյցի մը ընթացքին խօսած է Սուրիոյ ներկայ իրավիճակի մասին:  Ան անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին Վատիկանի մէջ դիւանագէտներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Սուրիոյ համար մաղթած բարիքներուն, հաստատած է թէ  Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան  վերակերտման համար  յարկ է  կողմերու միջեւ վստահութիւն եւ երկխօսութիւն վերահաստատել,  յատկապէս «սրտերու վերականգնում» ինչպէս ըսած է Ֆրանչիսկոս Պապը.

Կարդինալ Զենարի  դիտել տալով որ  Սուիրիոյ մէջ  իսկական կործանումը շէնքերու,   կառոյցներու քանդումը չէ,   անհրաժեշտ նկատեց   մարդոց սիրտերու  եւ ընկերային խաւերու  վերակառուցումը   ընդգծելով որ Սուրիան  բնորոշող բազմամշակութային եւ բազմացեղային երեւոյթը  առ այժմ անհետացած է։ Ան ապա  նշեց թէ Սուրիոյ մէջ  ռմբակոծումները տակաւին չեն դադրած, օրինակ  բերելով վերջերս Դամասկոսի մէջ Իսրայէլեան օդուժի կողմէ տեղի ունեցած ռմբակոծումները եւ Իտլիպի մէջ կատարուած բախումները, «որոնց հետեւանքներ  վճարողները յատկապէս  մանուկներն են» դիտել տուած է Սուրիոյ մէջ Պապական նուիրակը ապա կարեւոր նկատած է Սուրիոյ մէջ կրօնապետերուն դերակատարութիւնը հաստատելով որ անոնք  պէտք են ատելութեան դարմանումի եւ  ծարաւի յագեցման   ճարտարապետները հանդիսանան :

Զրոյցի աւարտին կարդինալ Զենարի անդրադարձած է գաղթականներուն տուն վերադարձին,  այս մէկը նկատելով ցաւալի երեւոյթ, ու հաստատելով թէ «գաղթականներու տուն վերադարձը Սուրիոյ   վերակառուցման հիմքն է»։ Խօսելով ապա Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան մասին, Ծիրանաւորը  այդ մէկը   պատկերացուցած է  որպէս «բաց լուսամուտ որ պատերազմի պատճառաւ փակուեցաւ»  յոյս  յայտնելով որ  «անիկա շուտով վերաբացուի» :








All the contents on this site are copyrighted ©.