2018-01-09 08:47:00

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը


Երկուշաբթի, 8 յունուար 2018-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընդունեց Հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. հոգեւոր տէրը: Հոգեւոր տիրոջ կ՛ընկերանային Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Մանուէլ եպս.  Պաթագեան եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Սեպուհ վրդ. Կարապետեան: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Կոմիտաս արք. Օհանեան եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան, Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին գծով տարուող աշխատանքներուն եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հետ աղերս ունեցող հարցեր:

Նշենք, որ շուրջ շաբաթ մը առաջ վեհափառ հայրապետին այցելած էին նաեւ Մերձաւոր արեւելքի հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան եւ նոյն միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ու Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը աւելի կը ծաւալի. երեւոյթ մը, որ մեծապէս կը նպաստէ հայ ժողովուրդի ներքին միասնականութեան ամրապնդման:

(Ազդակ)








All the contents on this site are copyrighted ©.