2018-01-08 08:34:00

Եկեղեցական Գիտելիքներ - Յայտնութեան Շաբաթ (8 – 14 Յունուար 2018)


Երկուշաբթի 8-էն մինչեւ շաբաթ 13 Յունուար կը գտնուինք` Յայտնութեան Ութօրէքի մէջ։ Այս օրերուն  կը կարդացուին Յովհաննէս Մկրտիչի մասին աւետարանները, որովհետեւ Յայտնութեան տօնին օրը նաեւ կը տօնուի Յիսուսի Մկրտութիւնը։

            Յովհաննէս Յիսուսի հեռաւոր զարմիկն է. Յովհաննէսի մայրը` Եղիսաբեթ, եւ Յիսուսի մայրը` Մարիամ ըստ աւետարանին` զարմուհիներ են. Մարիամ երբ իմացաւ թէ Եղիսաբեթ 6 ամսուայ յղի էր, անմիջապէս ճամբայ ելաւ եւ գնաց իրեն օգտակար դառնալու։ Երբ իրար հանդիպեցան, Եղիսաբեթի որովայնին մէջ` խայտաց իր մանուկը, եւ այն ատեն հասկցաւ որ Մարիամու արգանդին մէջ գտնուող մանուկը Մեսիան էր, փրկիչը աշխարհի։

            Յովհաննէս երբ հասուն տարիքի հասաւ, թողուց ամէն ինչ եւ գնաց անապատ. հոն բաւական ճգնելէ ետք` սկսաւ քարոզել ապաշխարութիւն, պատրաստելու համար ժողովուրդը Տիրոջ գալստեան. Ապաշխարանքէն ետք, որպէսզի անոնք մաքրուէին իրենց մեղքերէն, Յովհաննէս սկսաւ ջուրով մկրտել զիրենք, Յորդանան գետին մէջ։

            Յայտնութեան տօնին օրը` սովորութիւն կայ հայկական եկեղեցիներուն մէջ` կատարելու նաեւ ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ ապա` մկրտութիւն Քրիստոսի, Սուրբ Խաչը դնելով մեռոնով օրհնուած ջուրին մէջ. Ժողովուրդի մէջէն ընտրուած փոքրիկ մը կը ներկայացնէ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը։

            Կիրակի 14 Յունուարին, Առաջին կիրակին է զկնի յայտնութեան այդ օր կը կարdացուի Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած Կանայի հարսանիքին հայող հատուածը, ուր Յիսուս կը գործէ առաջին հրաշքը՝ ջուրը գինիին վերածելով։ Այդ մէկը կ՛ըլլայ սկիզբը Յիսուսի նշաններուն՝ Գալիլիոյ Կանայի մէջ, ուր Յիսուս իր փառքը կը յայտնէ ու անոր աշակերտները կը հաւատն Անոր։  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.