2018-01-08 08:35:00

Երկամեայ ընդհատումէ ետք. Քորէաները յառաջիկայ շաբաթ պիտի վերադառնան բանակցութեան սեղան։


Աւելի քան երկու տարուան ընդհատումէ ետք երկու Քորէաները յառաջիկայ շաբաթ պիտի վերադառնան բանակցութեան սեղան: Միացեալ Նահանգներու եւ Հարաւային Քորէայի միացեալ ռազմափորձերուն ջնջումէն հազիւ ժամեր ետք, Փիոնկ Եանկ ընդունեց երկխօսութիւն կատարելու Սէուլի առաջարկը:

Հարաւային Քորէայի միութեան հարցերու նախարարութիւնը յայտնեց, որ Հիւսիսային Քորէան տեղեկացուցած է, թէ համաձայն է երեքշաբթի, 9 յունուարին հանդիպում ունենալու: Երկու կողմերուն միջեւ վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր դեկտեմբեր 2015-ին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.