2018-01-07 08:42:00

Շնորհքի եւ Ճշմարտութեան հրաւէր Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի ս. Ծննդեան պատգամը։


«Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, (եւ անոր փառքը տեսանք` Հօրմէն միածինի փառքին պէս) շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն: Յովհ. 1.14

Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը աւետումն է շնորհքի եւ ճշմարտութեան մեր մէջ բնակելուն. ուրեմն Սուրբ Ծնունդը տօնելուն մէջ գիտակից կերպով պէտք է նայինք մեր կեանքին, այդ կեանքի որակին եւ բարոյական մակարդակին, քանի որ Յիսուս Մանուկին անձին մէջ` Աստուած մեզի հետ է, Էմմանուէլ:

Յիսուսի մասին Յովհաննէսի վկայութեան մէկ մասը սա է, թէ` «օրէնքը Մովսէսի ձեռքով տրուեցաւ, բայց շնորհքը եւ ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով եղան» (Յովհ. 1. 17): Եւ ահա ամէն տարի կը տօնենք այդ շնորհքին եւ ճշմարտութեան առկայութիւնը մեր կեանքին մէջ` յուսալով, որ տօնին հետ կը նորոգուի մեր հաղորդութիւնը Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետ: Երանելի պիտի ըլլայինք` եթէ մեր կեանքին բոլոր մարզերուն մէջ, ամէն օր գիտակից մնայինք, որ Անոր շնորհքովն ենք ինչ որ ենք, եւ` Անոր ճշմարտութեամբ կը հաստատուի մեր կեանքին ազատութեան եւ ազնուութեան որակը:

Այս մեր օրերուն, մեր ապրած աշխարհին մէջ մարդիկ իրենք զիրենք կը զրկեն շնորհքէն եւ կը հեռանան ճշմարտութենէն: Կը փորձեն ամէն բան հիմնել շահերու եւ շինծու տպաւորութիւններու վրայ: Կը փորձեն շահիլ` իրենց նմանները կեղեքելու գնով. շահիլ հարստութիւն, փառք, անուն, հեղինակութիւն, իշխանութիւն, կամ` հանգիստ, խաղաղութիւն, բարօրութիւն, երջանկութիւն եւ ապահովութիւն… Առաջին յիշուածները կ՛ուզեն ձեռք ձգել երկրորդ յիշուածները իրականացնելու փորձով, սակայն` միայն իրենց անձերուն եւ իրենց անմիջական շրջապատին համար: Եւ այս նպատակով ալ կը խեղաթիւրեն ճշմարտութիւնը, կը փորձեն շինել «իրենց ճշմարտութիւնը»` ստեղծելու համար տպաւորութիւններ իրենց շուրջ, որոնցմով կը ջանան խաբել շրջանակը եւ հանրութիւնը, ի նպաստ իրենց շահուն: Այս նպատակին մէջ կը տեսնենք, թէ տպաւորութիւններ եւ շահեր իրականացնել փորձողները կը հալածեն ճշմարտութիւն խօսողը, կը հետապնդեն ու կը բանտարկեն սուտեր յայտնաբերողը եւ իրաւազրկումներու կեղեքումներ յանդիմանողը: Դատական կամ քաղաքական, ոստիկանական կամ խուլիկանական միջոցներ եւս կ՛օգտագործեն անոնք` «պաշտպանելու» համար իրենց շահերը, հոգ չէ, թէ ոտնակոխ ըլլայ ճշմարիտը, եւ մարդկային կեանքը վերածուի անշնորհք ընթացքի: Այս է մեր կեանքը իր իրականութիւններով եւ իր որակով այսօր:

Այս ինկած մակարդակը նորութիւն չէ մարդկային կեանքին ու պատմութեան մէջ: Նոյնն էր մեր օրերէն երկու հազար տարի առաջ ապրող մարդկութեան մէջ: Ահա թէ ինչու Աստուած ղրկեց Իր միածին Որդին շնորհք եւ ճշմարտութիւն բերելու, եւ մենք մինչեւ այսօր կը տօնենք շնորհքի եւ ճշմարտութեան ծնունդը մեր մէջ: Տէր Յիսուս Քրիստոս մարդկային մեր կեանքին ինկած որակին ծնունդը չէ. այլ` «վերէն» եկաւ աշխարհ: Ան մեր տեսակի մեղաւոր մարդուն զարգացուցած լաւագոյն արդիւնքը չէ. այլ աստուածային միջամտութիւն` մեր ինկած վիճակէն մեզ ազատելու Իր շնորհքով եւ Իր ճշմարտութեամբ: Ան մարդկային պատմութեան դէպքերէն մէկը չէ. այլ` այդ պատմութիւնը ճեղքող աստուածայայտնութիւն, Աստուծոյ մեզի հետ ըլլալուն` Էմմանուէլին իրականութիւնը:

Եթէ եւ երբ զԻնք ընդունինք` այն ատեն պիտի ճանչնանք  ճշմարտութեան մեզի բերած ազատութիւնը եւ Անոր շնորհքին մեզի տուած փառքը: Կ՛աղօթենք եւ կը մաղթենք, որ մենք ազգովին զգաստ ըլլանք մեր բոլոր տօներուն մէջ, եւ այս տարին ըլլայ Աստուծոյ շնորհքին գիտակցութեան եւ լեցունութեան ժամանակը մեզի համար:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ
ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱ








All the contents on this site are copyrighted ©.