2018-01-06 12:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ արտասանած Մարեմեան Աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ՝ 6 Յունուար 2018-ին, Աստուածայայտնութեան տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւն մը, շեշտը դնելով օրուան տօնին վրայ՝ Աստուածայայտնութիւնը, ու այդ յայտնութեան նկատմամբ բացայայտուած երեք վարուելակերպերու՝ ուշադիր փնտռտուք, անտարբերութիւն ու վախ։

       Մոգերը ճանապարհորդութեան մէջ կը դնեն իրենք զիրենք փնտռելու համար Մեսիան։ Անոնց այս  խոհուն փնտռտուքին կը հակադրէ քահանաներու եւ դպիրներու անտարբերութիւնը, որոնք թէեւ կը ճանչնան գրութիւնները ու գիտեն թէ որն է ծննդեան վայրը, չեն ուզեր երթալ Մեսիային մօտ։ Անոնցմէ աւելի ժխտական է ապա՝ Հերովդէսի վարուելակերպը որ վախի կը մատնուի, կարծելով թէ Մանկուկը իրմէ պիտի խլէ իշխանութիւնը։ Ան կ՛ուզէ իմանալ Մանուկին ծննդեան վայրը՝ սպաննելու համար զայն։

«Աւետարանին մէջ գտնուող այս երեք վարուելակերպերուն ընդմէջէն մենք եւս հրաւիրուած ենք ընտրել անոնցմէ մէկը» ըսաւ Քահանայապետը։ Եսասիրութիւնը կարող է Յիսուսին գալուստը նկատել որպէս մեր կեանքին համար սպառնալիք եւ ասոր համար կը փորձենք լռութեան մատնել Անոր պատգամը, Յիսուսը նկատելով որպէս արգելք։ Ապա կայ անտարբերութեան վերաբերմունքը։ Գիտակից ըլլալով թէ Յիսուս Փրկիչն է, կը նախընտրենք ապրիլ այնպէս թէ այդպէս չ՛ըլլար ու փոխանակ հետեւելու քրիստոնէական հաւատքին կը նախընտրենք հետեւիլ աշխարհիկ սկզբունքներուն։ Մինչ մենք հրաւիրուած ենք հետեւելու մոգերու  օրինակին՝ ըլլալ խոհուն հետազօտութեան մէջ, պատրաստ՝ մեր հանգիստը զոհելու հանդիպելու համար Յիսուսին։ Փնտռել զինք երկրպագելու համար Անոր ու Անոր մէջ ճանչնալու մեր Տէրը որ մեզի ցոյց կու տայ իսկական ճանապարհը ու փրկութիւնը, ըսաւ Քահանայապետը,  հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի իր մայրական օգնութեամբ իւրաքանչիւր մարդ կարող ըլլայ հասնելու Քրիստոսին՝ ճշմարտութեան լոյսը ու աշխարհը կարող ըլլայ յառաջ ընդանալ արդարութեան ու խաղաղութեան ճանապարհէն։      

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորները ըսելով.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս օրերուն Արեւելեան կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիները կը տօնեն Տիրոջ Ծնունդը։ Անոնց կը փոխանցեմ իմ սիրալիր մաղթանքս որպէսզի այս ուրախալի տօնակատարութիւնը ըլլայ հոգեւոր ու հաղորդութեան նոր կորովի աղբիւր՝ Յիսուսը որպէս Տէր ու Փրկիչ ճանչցող քրիստոնեաներուս միջեւ։

Նորին Սրբութիւնը ապա յատուկ մօտիկութիւն յայտնեց Ղպտի եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն, ողջունելով  իր եղբայրը՝ Թաուատրոս Բ Պատրիարքը՝ Գահիրէի նորակառոյց աթոռանիստ Եկեղեցւոյ օծման արարողութեան առթիւ, ապա վերյիշեց Պատանիներու միսիոներական օրը եւ ողջոյնի խօսքեր ուղղեց տարբեր վայրերէն ժամանած ուխտաւորներուն, ու աղօթքը աւարտեց բոլոր ներկաներուն մաղթելով բարի տօնական օր ու ինչպէս միշտ խնդրելով  որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։   








All the contents on this site are copyrighted ©.