2018-01-05 10:31:00

Քահանայապետին Յունուար ամսուայ աղօթքի լսատեսողական պատգամը. «Ասիայի կրօնական փոքրամասնութիւններ»։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 5 Յունուար 2018-ին լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2018-ի Յունուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը, նուիրուած՝ Ասիայի կրօնական փոքրամասնութիւններուն։

 

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը կ՛ըսէ.

«Ասիայի մշակութային աշխարհի զանազանութեան մէջ, Եկեղեցին կը դիմագրաւէ բազմաթիւ տագնապներ ու անոր պարտականութիւնը  աւելի դժուար դարձած է, փոքրամասնութիւն ըլլալու պատճառաւ։

Այս վտանգները, այս մարտահրաւէրները, կը կիսեն նաեւ փոքրամասնութիւն կազմող այլ կրօնական աւանդութիւնները, որոնց մեզ կը միացնէ՝ իմաստութեան, ճշմարտութեան ու սրբութեան իղձը։

Երբ մտածենք անոնց որոնք հալածուած են իրենց կրօնքին համար, կը շրջանցենք դաւանանքի ու ծէսի տարբերութիւնները եւ կը կանգնինք մարդոց ու կիներու կողքին. որոնք կը պայքարին իրենց կրօնական ինքնութենէն չի հրաժարելու համար։

Աղօթենք բոլոր անոնց համար՝ որպէսզի  Ասիական երկիրներուն մէջ, քրիստոնեաներ, ինչպէս նաեւ կրօնական այլ փոքրամասնութիւնները, կարենեան իրենց հաւատքը ապրիլ ամենայն ազատութեամբ»։  








All the contents on this site are copyrighted ©.