2018-01-03 11:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 2018 տարուայ առաջին հրապարակային ունկնդրութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 3 յունուար 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քաhանայապետ, ի ներկայութեան իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալներու նախագահեց 2018 տարուայ՝ առաջին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան՝ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ու այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ շարունակեց խօսիլ «Սուրբ Պատարագի Քրիստոնէական վարդապետութեան« մասին ու յատկապէս Սուրբ Պատարագի «զղջումի ներգործութեան»  մասին որ, ըսաւ Սրբազան Պապը, կը նպաստէ  Սուրբ խորհուրդները   արժանավայել կերպով նշելու, Աստուծոյ եւ մեր եղբայրներուն առջեւ մեր մեղքերը Ճանչնալով:  

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ որ պատարագիչ քահանային հրաւէրը ուղղուած է ամբողջ հասարակութեան,  որովհետեւ բոլորս մեղաւորներ են : Ան հարց տալով թէ  Տէրը ի՞նչ կրնայ պարգեւել այդ անձին որ իր սիրտը լեցուն է  ինքն իրմով եւ յաջողութիւններով, հաստատեց «ոչինչ, որովհետեւ ինքնահաւանը անկարող է ներում ստանալ»: Քահանայապետը ապա հրաւիրեց խոկալ Փարիսեցիի եւ Սամարացիի առակի մասին  դիտել տալով թէ միայն երկրորդը ՝ ընդունեց ներումը ու ներուած տուն վերադարձաւ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, որ ով որ գիտակից է իր յատուկ թշուառութիւններուն իր վրայ կը զգայ Աստուծոյ ողորմածութեան հայեացքը, եւ այն որ որ գիտէ ճանչնալ իր սխալները եւ ներողութիւն կը խնդրէ ուրիշներէն՝ ներում կը ստանայ եւ կը հաշտուի։

Պատարագին սկիզբը, հասարակաց ապաշխարութեան արարքը կը կատարենք խոստովանանքի  հասարակաց աղօթքի միջոցաւ, իւրաքանչիւրը Աստուծոյ եւ իր եղբայրներուն կը խոստովանի մեղքերը զոր գործած է միտքով եւ գործով –ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ թէ  «իրականութեան  մէջ բաւարար  չէ ոիրիշին չարիք չպատճառել, հարկ է բարիք ընել, պէտք է վկայութիւններ տալ թէ մենք Յիսուսի առաքեալներն ենք:

«Մեղքերու խստովանանքէն ետք, Սուրբ Կոյս Մարիամէն, հրեշտակներէն եւ Սուրբերէն կը հայցենք որ մեզի համար աղօթեն՝ սուրբերու հաղորդութիւնը որ մեզի թիկունք կը կանգնին մեր ճանապարհորդութեան ընթացքին մինչեւ Աստուծոյ հետ վերջնական հաղորդութիւնը երբ մեղքը վերջնականապէս պիտի յաղթուի։ :

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ սուրբ գիրքի մէջ պարունակուած զղջացած անձերու օրինակներուն սկսեալ Դաւիթ Մարգարէէն ու անոր աղերսէն «Ողորմեա ինձ Աստուած ըստ մեծի ողորմութեան քու….» Ապա Սուրբ Պետրոսը, Զաքքէոսը Սամարացի կինը…. 

Մենք մեզ նկատել որպէս կաւ մեզ աւելի կը զօրացնէ մինչ մեզի կը յիշեցնէ մեր տկարութիւնը ու մեր սիրտը կը բանայ հայցելու համար Աստուածային ողորմութիւնը որ կը կերպարանափոխէ եւ ապաշխարութեան կը մղէ։ Ահա այն ինչ որ կ՛ընենք Սուրբ Պատարագին սկիզբը ՝ զղջումի, ապաշխարութեան արարքով։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.