2018-01-03 08:12:00

Թեզէի համամիութենական շարժումի երիտասարդաց եւրոպական յառաջիկայ հաւաքը՝ Սպանիայի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) «Սպանիայի Մատրիտ մայրաքաղաքը պիտի հանդիսանայ Թեզէի հասարակութեան 2018 տարուայ ամավերջի եւրոպացի երիտասարդներու  յառաջիկայ հաւաքի վայր։» Լուրը յայտարարած է Թեզէի հասարակութեան Աբբահայրը՝ Եղբայր Ալուա, անցեալ 30 դեկտեմբերին, Պազիլէա քաղաքին մէջ համախմբուած երիտասարդներուն ներկայացուցած իր խորհրդածութեան աւարտին։

«Անցեալ տարի համախմբուեցանք ՝ Եւրոպայի հիւսիսը գտնուող Ռիկայի մէջ, իսկ յաջորդ տարի պիտի երթանք Եւրոպայի հարաւը՝ քաղաք մը  ուր երբեք չենք համախմբուած» ըսաւ եղբայր Ալուա որ ապա հաստատեց թէ «2018-ի՝ դեկտեմբեր 28-էն մինչեւ 2019- ի յունուար մէկը հրաւիրուած ենք համախմբուելու Մատրիտի մէջ»։

Յայտնենք թէ այս տարի եւս հազարաւոր երիտասարդներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Թեզէի հասարակութեան տարեկան հաւաքին Զուիցերիոյ Պազիլէա քաղաքին մէջ՝ 28 դեկտեմբեր 2017-էն մինչեւ 1 Յունուար 2018, բոլորելով «վստահութեան ուխտագնացութեան» 40-րդ փուլը, որ սկիզբ առած էր 70ական թուականներուն նոյնինքն եղբայր Ռոժէի նախաձեռնութեամբ։

Առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ հաւաքին, եղբայր Ռոժէ նշեց թէ Թեզէի հասարակութեան կեդրոնատեղին մէջ նախատեսուած են այլ կարեւոր երկու հանդիպումներ. առաջինը՝ 2018-ի Յուլիս ամսուայ ընթացքին «բարեկամութեան շաբաթավերջ, քրիստոնեայ եւ մահմետական երիտասարդներու միջեւ» ապա օգոստոս ամսոյն մէջ, մէկ շաբթուայ տեւողութեամբ խորհրդածութիւններու հանդիպում, յատկացուած 18-35 տարեկան երիտասարդներուն։

Եղբայր Ռոժէ տեղեկացուց նաեւ թէ կան երիտասարդներուն յատկացուած այլ ժամկէտներ. ՝ 8-էն 12 օգոստոս 2018-ին Ասիայի Երիտասարդներու հաւաքը՝ Հոնք Քոնկի մէջ։ Ուքրանիոյ մէջ 2800 երիտասարդներու հաւաքը՝ 28 ապրիլէն մինչեւ մայիս մէկը, ապա Աւստրիոյ Կրազ Քաղաքի մէջ՝ Թէզեյի հասարակութեան նախաձեռնութեամբ Եւրոպացի երիտասարդներու հաւատքը՝ 25 -28 հոկտեմբեր 2018-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.