2018-01-02 10:05:00

Յունուար մէկին Ռումբի պայթում՝ Դամասկոսի հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի մօտ։


2018-ի յունուար մէկը՝ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանի համար յատկանշուեցաւ ցաւալի դէպքով։ Առաւօտեան կանուխ ժամը 4:00-ի մօտերը, երբ մարդիկ նոր տարին դիմաւորելէ ետք, իրենց տուները կը վերադառնային, հրասանդ մը հարուածեց Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի ճիշդ դիմացը գտնուող շէնքը, պատճառելով շէնքի երիտասարդ բնակիչներէն մէկուն մահը ու ճաշարաններէն դուրս եկող այլ անցորդներու վիրաւորումը:  Լուրը կը հաղորդէ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութիւնը իր դիմատետրի կայքին վրայ հրապարակած հաղորդագրութեամբ, ուր նաեւ նշուած է թէ «Տեղւոյն վրայ իսկոյն հասած են շտապ օգնութեան ինքնաշարժներն ու հրշէջները որոնց միջամտութեամբ մառուած է ռումբի պատճառաւ բռնկող հրդեհը, մինչ վիրաւորները փոխադրուած են հիւանդանոց»։

«Առաջնորդարանի շէնքը, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ դահլիճը ու ժողովրդապետ Հայր Գէորգ Պահէի ինքնաշարժը կրած են նիւթական ծանր վնասներ, մինչ Փառք Տիրոջ, Արհ. Տ. Յովսէփ Եպս. Առնաուդեան Գերապայծառ Տէրը ու Հայր Գէորգը ոչ մէկ  մարմնական վնաս կրեցին» գրուած է միշտ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:

Հակառակ այս տխուր ու ցաւալի դէպքին, նոյն օրուայ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Տնօրէնութեան ու Անուան տօնին առթիւ, առաջնորդարանի Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ պատարագ, նախագահութեամբ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերապատիւ Հայր Գէորգ վրդ. Պահէի ու մասնակցութեամբ հաւատացեալներուն, որոնք թախանձագին աղօթեցին, որպէսզի մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոսը ողորմի ու յաւիտեան հանգիստ պարգեւէ զոհ գացած երիտասարդին, շուտափոյթ բուժում շնորհէ վիրաւորներուն ու յատկապէս որպէսզի Նոր Տարին խաղաղութիւն բերէ ամբողջ աշխարհին, մանաւանդ Սուրիոյ ու անոր բնակչութեան որ երկար տարիներէ ի վեր կը տառապի: 








All the contents on this site are copyrighted ©.