2018-01-02 11:13:00

Եկեղեցական Գիտելիքներ 7-րդ Շաբաթ Յիսնակաց (1 – 7 Յունուար 2018)


            Յիսնակաց 7-րդ շաբաթը հաշուետուութեան շաբաթն է. Յիսուս առակ մը կը պատմէ, որուն մէջ իշխանութեան տէր անձ մը իր ծառաներուն մէկական ոսկի կը յանձնէ որպէսզի իր բացակայութեան զայն շահագործեն. Եւ վերադարձին` հաշիւ կը պահանջէ իրենցմէ. Ի՞նչ ըրիք այդ մէկ ոսկին. Մինչ անոնցմէ մին կը հաստատէ թէ մէկը տասը բերաւ եւ ուրիշ մը թէ մէկը հինգ բերաւ, երրորդ մը կու գայ եւ ոսկին զոր ծրարած էր թաշկինակի մը մէջ` կը յանձնէ ինչպէս որ էր, առանց զայն օգտագործած ըլլալու։

            Ոսկին որ կը յանձնուի մեզմէ ամէն մէկուն` Աստուծոյ տուած տաղանդներն ու ձիրքերն են. Տէրը մեզի յանձնած է զանոնք որպէսզի օգտագործենք մեր շուրջիններու օգտին եւ Աստուծոյ փառքին համար։ Անոր համար մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջուի. Տարուան վերջին օրերուն` ժամանակն է ուր պիտի կատարենք հաշուեկշիռը մէկ տարուայ մեր կեանքին, իրազեկ ըլլալու համար թէ որքանով օգտագործած ենք մեր մէջ դրուած զանազան տաղանդները։

            Երկուշաբթի  1 Յունուարին` Քրիստոսի Տնօրէնութեան եւ անուան տօնն է. ծննդենէն ութը օր վերջ, արդարեւ, ըստ Ղուկասի զեկուցումին, Քրիստոս կը թլփատուի եւ իրեն կը տրուի Յիսուս անունը. Այս տօնակատարութեամբ` Եկեղեցին կ՛ուզէ Նոր Տարուայ հեթանոսական տօնը սրբացնել եւ քրիստոնէութեան յարմար տօն մը նուիրել։ Այդ օրը նաեւ Համաշխարհային Խաղաղութեան օրն է. այդ առթիւ` Սրբազան Պապը իր պատգամը կը յղէ համայն մարդկութեան։

            Երեքշաբթի  2 Յունուարին` կը տօնենք դարձեալ Կեսարիոյ մեծ հայրապետները, Բարսեղ եւ Գրիգոր Նիւսացի, զոր անցեալ շաբթու մէջ տօնած էինք արդէն. Այս կրկնութիւնները կը պատահին տօնացոյցերու փոփոխութեան պատճառաւ, ուստի զարմանալու չէ եթէ յանկարծ միեւնոյն շաբթուան մէջ նոյն սուրբերը տօնուին։

            Նոյն օրը կը տօնենք Սուրբ Եփրեմ Ասորի Վարդապետը, զոր մեր Հայրերը կ՛անուանեն Խուրի։ Գլխաւոր կազմակերպիչը եղած է ասորական ծէսին եւ եկեղեցական երգերուն ու մեղեդիներուն. Կատարած է նաեւ բազմաթիւ մեկնութիւններ Սուրբ Գրքէն, որոնք գրեթէ բոլորն ալ հայերէնի թարգմանուած են. Ծնած է Ամիդ եւ մկրտուած է Սուրբ Յակոբ Մծբնացիէն, որ հետագային զինք նաեւ քահանայ ձեռնադրած է։ Վախճանած է Եդեսիոյ մէջ, 378-ին։ Հայերու մօտ շատ ժողովրդական սուրբ մը եղած է մասնաւորապէս իր աղօթագրքովը։

            Ուրբաթ՝  5 Յունուարին արդէն Ճրագալոյցն է Յայտնութեան տօնին։ Այդ օրուան աւետարանը մեզի կը խօսի Պետրոս առաքեալի գլխաւորութեան մասին. Քրիստոս կ՛ըսէ իրեն. Դուն ես վէմ եւ այդ վէմին վրայ պիտի հաստատեմ իմ եկեղեցիս. Շնորհիւ իր հաւատոյ դաւանութեան, Պետրոս կը կարգուի գլուխը առաքեալներուն։        

            Շաբաթ 6 Յունուարին` տօնն է Աստուածայայտնութեան, այսինքն երբ Արեւելքէն եկած մոգերը, աստղի մը առաջնորդութեամբ` կու գան Յիսուս Մանուկը տեսնելու, անոր երկրպագութիւն մատուցանելու եւ իրենց նուէրները տալու, մին ոսկի, երկրորդը` խունկ եւ երրորդը` զմուրս, որով մեռեալներու մարմինը կը զմրսէին։

            Աստուածայայտնութիւնը ըստ հայ ծէսի, մեր 5 մեծ տօներէն մին է, որ կը կոչուի նաեւ Տաղաւար։

            Կիրակի՝  7 Յունուարը ըստ հայկական սովորութեան` մեռելոց օր է եւ յիշատակութիւն կը կատարուի բոլոր ննջեցեալներուն։ Արեւելքի մէջ` մեր վարդապետները կը կատարեն նաեւ գերեզմանօրհնէք եւ այդ օրը բոլորովին կը նուիրուի համայն հանգուցեալ հոգիներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.