2018-01-01 12:45:00

«Մարիամի մայրական հովանիին կը յանձնեմ 2018 տարին» Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) «Տիրոջ շնորհքով ու Մարիամի պաշտպանութեամբ բոլորին կը նորոգեմ խաղաղութեան տարիի մը մաղթանքս» Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, 2018-ի՝ նոր տարուայ առթիւ, բոլորին ուղղած մաղթանքը, երկուշաբթի 1 յունուար 2018-ին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի աւարտին ուր նաեւ հաւատացեալներէն խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար, մինչ խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահին, իրեն ուղղած շնորհաւորական մաղթանքներուն համար, ապա մեծապէս գնահատեց այսօր նշուող  Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առթիւ խաղաղութեան ի նպաստս իրագործուած ձեռնարկները։

2018 տարուայ առաջին Մարեմեան աղօթքին սկիզբը, Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց տարուան առաջին խորհրդածութիւնը որուն մէջ ակնարկեց օրուան ծիսակատարութեան՝ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր տօնին, ու հրաւիրեց անոր ուղղել մեր հայեացքը, որպէսզի Անոր մայրական պաշտպանութեան ներքոյ, վերսկսինք մեր ուղեւորութիւնը՝ ժամանակի ճանապարհներուն վրայ։

Քահանայապետը մեկնաբանեց նաեւ օրուան Աւետարանը ուր ներկայացուած է  Յիսուսի Ծննդեան դէպքը յատկապէս շեշտը դնելով Մարիամի ու անոր մայրութեան դերակատարութեան վրայ, եւ այս ուղղութեամբ  հաստատեց թէ Ան ունի յատուկ առաքելութիւն մը, ինքզինք կը դասէ իր Զաւկին՝ Յիսուսի ու մարդոց միջեւ ու կը բարեխօսէ անոնց համար, այն գիտակցութեամբ թէ ինք որպէս մայր, կարող է եւ առ աւելին պարտաւոր է, իր Որդւոյն ներկայացնել մարդոց կարիքները։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց նաեւ Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան ու կոչ ուղղեց նպաստելու խաղաղութեան, որ է՝ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, բոլորին վերապահուած իրաւունք մը, ապա ակնարկելով խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ պատգամին, նուիրուած գաղթականներուն ու ապաստանեալներուն, հրաւիրեց թոյլ չտալ որ դիւրաբեկ ու դժուարութեան մէջ ապրող բազմաթիւ անձերուն սրտերուն մէջ, մեռնի յոյսը, ու անոնց խաղաղութեան ձգտումը ապա կոչ ուղղեց բոլորին, քաղաքական ու քաղաքացիական աշխարհին, գաղթականներուն ու ապաստանեալներուն ապահովեցնելու խաղաղ ապագայ մը, հուսկ Տիրոջմէ հայցեց շնորհքը գործելու այդ ուղղութեամբ վասն  աւելի զօրակից եւ ընկալող աշխարհի մը կառուցման։

Ֆրանչիսկոս  Սրբազան Քահանայապետը Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը աւարտեց Մարիամի հովանիին ու բարեխօսութեան յանձնելով նոր՝ 2018 տարին։








All the contents on this site are copyrighted ©.