2017-12-31 08:49:00

Աղօթք Նոր Տարուայ սեմին. Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ Զապարեան։


«Անոր լիառատ շնորհքէն է, որ մենք բոլորս շնորհքի վրայ շնորհք ստացանք» (Յովհաննէս 1, 16)

 Տէր իմ եւ Աստուած իմ, շնորհակալ եմ անցած տարուան ընթացքին ինծի շնորհած բոլոր պարգեւներուդ համար:

Շնորհակալ եմ, Տէ'ր, որ ինծի ճանապարհորդակից եղար անցեալ տարուան բոլոր օրերուն:

Խնդրեմ, ա'լ աւելի զիս քաշէ Քեզի յառաջիկայ տարուան բոլոր օրերուն:

Շնորհակալ եմ ինծի շռայլած ուրախութեան եւ երջանկութեան պահերուն համար:

Շնորհակալ եմ, նաեւ, ներկայութեանդ համար ցաւի եւ տառապանքի ատեն, որովհետեւ ցաւն ու տառապանքը, թէեւ Քեզմէ չեն, զիս մղեցին Քեզի դիմելու՝ մխիթարանք եւ արիութիւն գտնելու համար:

Շնորհակալ եմ, ո'վ Տէր, իմ կեանքիս ճամբուն վրայ դրած ընտանիքիս եւ բարեկամներուս համար: Օգնէ' ինծի զանոնք անշահախնդրօրէն սիրելու: Ցոյց տուր ինծի լաւագոյն կերպը անոնց ծառայելու եւ ձեւը՝ քեզմէ հեռացած սիրելիներս Քեզի բերելու:

Շնորհակալ եմ, նաեւ, այն բոլոր անգամներուն համար, երբ զիս դարձուցիր Քեզի, հակառակ իմ ըմբոստութեանս եւ ապերախտութեանս Քեզի հանդէպ: Յաճախ, ուզածս ըրած եմ եւ քիչ անգամ՝ Քու կամքդ կատարած: Այնուհանդերձ, Դուն միշտ հոն էիր ու Ձեռքդ՝ տեւապէս վրաս էր:Երբ զղջամ՝ կը զգամ մեղքերս քաւող քու մարդասիրական անհունութիւնը:

Շնորհակալ եմ, Տէր, Կեանքի Հացը ինծի բաշխելուդ եւ զիս Անով սնուցանելուդ համար: Շնորհիւ այս երկնային Սնունդին, ինծի պատեհութիւնը կ'ընծայես հոգեպէս աճելու, առաքինութիւններով զարդարուելու, եղբայրսիրութեամբ զարգանալու եւ շնորհքովդ զօրանալու՝ սուրբ Պօղոսին նման համարձակապէս ըսելու չափ. «Ամէն ինչ կրնամ տանիլ շնորհիւ Քրիստոսի, որ զիս զօրացուց» (Փիլիպպեցիներուն 4, 13): «Եղբայրներ, ամէն բանի համար շնորհակալ եղէք Աստուծոյ» (Ա. Թեսաղոնիկեցիներուն 5, 18):

Շնորհակալ եմ Քու իսկ հիմնած Եկեղեցւոյն համար, որ զիս կը խնամէ քու սուրբ Խորհուրդներովդ: Թէեւ անիկա կը վխտայ մեղաւորներով, որոնք անդադար սխալներ կը գործեն եւ իրար կը վիրաւորեն, սակայն, կը պարփակէ, նաեւ, սուրբերու հոյլեր: Ասոր համար Սուրբ Պետրոս կրցած էր սրտապնդիչ խօսքերով քրիստոնեաներուն ըսել. «Դուք ընտրուած ցեղ մըն էք, թագաւորելու կոչուած քահանաներ, սուրբ ազգ մը, Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը» (Ա. Պետրոս 2, 9): Ո'վ Տէր, թող Եկեղեցին, որու Գլուխն ես Դուն, Քեզմով օրհնուած ըլլայ, սրտիդ առաւել մօտ ըլլայ, եւ աւելի անխառն սիրով տոգորուի մեզմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ:

Շնորհակալ եմ, Ամենախնամ Տէ'ր, որ հայրաբար կը հսկես Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ բնակող հայ ազգի զաւակներուն վրայ: «Գոհութիւն եւ փառաբանութիւն մատուացանեմք Քեզ, Տէր Աստուած մեր»:

Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ Զապարեան 








All the contents on this site are copyrighted ©.