2017-12-31 18:18:00

Գոհաբանական աղօթք Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 31 դեկտեմբերի երեկոյեան 5-ին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ նախագահեց ամավերջի գոհաբանական աղօթքը, Սուրբ Հաղորդութեան ջերմեռանդական երկրպագութիւնն ու Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը։ Ապա արարողութեան աւարտին ուղղուեցաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակ այցելելու համար այնտեղ զետեղուած հսկայական մսուրը։

Գոհաբանական աղօթքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց խորհրդածութիւն մը որուն մէջ շեշտը դրաւ Աստուածամօր վրայ, որմէ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ծնունդ առաւ ժամանակի լրումը, ապա յայտնեց թէ այդ իրողութեան դիմաց եկեղեցին կը հրահրէ երախտագիտութեան զգացումը՝ որպէս մարդուն միակ պատասխանը Աստուծոյ անհուն պարգեւին։ 

Սրբազան Հայրը գոհաբանութիւն մատոյց Աստուծոյ վերջ գտնող տարուան համար ու այդ տարուան ընթացքին ընդունուած բոլոր բարիքներուն համար, թէեւ, դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը- մարդիկս մահուան, ստախօսութեան ու անարդարութեան արարքներով պղծեցինք տարին ու այսօր կ՛ուզենք Աստուծոյ, մեր եղբայրներուն ու արարչութեան առջեւ ստանձնել այդ բոլորին պատասխանատուութիւնը։

Այս երեկոյ սակայն կը գերակշռէ Յիսուսին շնորհքը, ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը, դիտել տալով թէ կը գերակշռէ նաեւ երախտագիտութիւնը եւ որպէս Հռոմի Եպիսկոպոսս ակնարկեց բաց սիրտ ունեցող Հռոմաբնակ ժողովուրդին ու բոլոր անոնց որոնք շօշափելի արարքներով կը գործեն քաղաքի բարիքին համար, նոյնիսկ առօրեայի փոքրիկ ներգործութիւններով։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա գնահատանք յայտնեց ծնողներուն ու դաստիարակներուն, որոնք կը ջանան կազմաւորել մանուկներ ու պատանիներ՝ քաղաքավարութեան ու բարոյականի պատասխանատուութեան, զանոնք կրթելով որպէսզի իրենք զիրենք մաս զգան ու խնամք տանին զիրենք շրջապատող միջավայրին։

Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա բոլոր այն անձերուն որոնք կը գործեն լռելեան ու անաղմուկ կերպով ու հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կը ջանան իրենց լաւագոյնը պարգեւել,ապա հրաւիրեց ներկաները երախտապարտ ըլլալու անոնց, զանոնք նկատելով  «հասարակաց բարիքի արհեստաւորներ» որոնք, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, իրենց քաղաքը լը սիրեն ոչ թէ խօսքով այլ գործով։








All the contents on this site are copyrighted ©.