2017-12-30 09:50:00

Եգիպտոս. Հալուանի մէջ եկեղեցւոյ մը դէմ ահաբեկչական յարձակում


9 անձեր զոհուեցան եւ 5 ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ երէկ Գահիրէի հարաւը գտնուող Հալուան շրջանին մէջ Մար Մինա եկեղեցւոյ դէմ ահաբեկչական յարձակում մը տեղի ունեցաւ:

Եգիպտական ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ յարձակումին հեղինակ ահաբեկիչը սպաննուած է: Եգիպտական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ յարձակումին դիմակայման ընթացքին սպայ մը եւ երկու զինուորներ զոհուած են:

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ յարձակումը տեղի ունեցած է, երբ եկեղեցւոյ մօտ շրջագայող ոստիկանները նշմարած են կասկածելի երկու անձեր: Անոնցմէ մէկը յաջողած է փախուստ տալ, իսկ սպաննուած ահաբեկիչը ականուած գօտի մը կը կրէր:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.