2017-12-29 09:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Թեզէ»ի 40-րդ հաւաքի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) 28 Դեկտեմբեր 2017-էն մինչեւ 1 յունուար 2018,  Զուիցերիոյ  Պազիլէա քաղաքին մէջ տեղի կ'ունենայ ԹԵԶԷ համամիութենական շարժումի՝  երիտասարդներու Եւրոպական  40-րդ հաւաքը:

Այս առթիւ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլին,  յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամ մը յղեց հաւաքի մասնակիցներուն, որուն մէջ յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին ուրախութիւնը, Եւրոպայի եւ աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած մասնակիցներուն բարձր թիւին համար,  որոնք   առաջադրուած  են  միեւնոյն այն փափաքէն ուրախութեան ակնաղբիւրը գտնելու,  որ է նաեւ հաւաքի կեդրոնական նիւթը:  

Ծիրանաւորը պատգամին մէջ ապահովեցնելով  Ֆրանչիսկոս Պապի հոգեւոր մօտիկութիւնը  հաւաքի  մասնակիցներուն մէջբերած  է Սրբազան Հօր «Աւետարանի ուրախութիւն» յորդորագիրէն հատուած մը « Աւետարանի ուրախութիւնը կը լեցնէ սիրտն ու ամբողջ կեանքը բոլոր անոնց որոնք  կը հանդիպին Յիսուսին» Ան  ապա նշած է,   «Ֆրանչիսկոս Պապ ուրախ  է ,  որ երիտասարդները սոյն հանդիպումին կը մասնակցին,  Յիսուսի պատգամը խորացնելու նպատակով,  որ ուրախութեան աղբիւր  է բոլոր  անոնց որոնք  կ'ուզեն  իրենց սրտերը  բանալ, Ան   միաժամանակ կը քաջալերէ երիտասարդները,  թոյլատրելու  որ   իրենց  մէջ բնակի   Յիսուսի հետ ապրուած բարեկամութենէն բխող ուրախութիւնը ,  որ երբեք չի փակուիր  ուրիշներուն դիմաց ոչ ալ այս աշխարհի տառապանքներուն դիմաց» , գրած է  Կարդինալ Փառոլին,  ապա  յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւիրած է  երիտասարդները,   Տիրոջ հետ միանալու՝ աղօթքի մէջ ու Անոր  Խօսքերուն անսալու միջոցաւ,  որպէսզի Տէրը օգնէ զանոնք   իրենց ձիրքերը սպառելու ողորմածութեան մշակոյթի աճումին ի սպաս։

Կարդինալ Փարոլին պատգամին մէջ անդրադառնալով Լուտերական վերանորոգումի  500 ամեակի յոբելենական հանդիսութիւններուն, որոնք վերջ կը գտնեն տարւոյս վերջաւորութեան  գրած է,  որ Ֆրանչիսկոս Պապ  Սուրբ Հոգիին զօրակցութիւնը կը հայցէ   կաթողիկէ, բողոքական եւ օրթոտոքս երիտասարդներուն համար,  որպէսի անոնք  միշտ  ուրախ մնան ու հարստանան Քրիստոսի առաքեալներու շնորհած պարգեւներու տարբերութենէն եւ   որպէսզի կարենան  Աւետարանի ուրախութիւնը արտայայտել՝  հակառակ  բաժանումներու  վէրքերուն:

Կարդինալը  քաջալերած է երիտասարդները ընթանալու եղբայրութեան ուղիին վրայ,  «որպէսզի Պազիլէայի ԹԵԶԷԻ հանդիպումը,  տեսանելի դարձնէ,  Տիրոջ  սրտի աղբիւրէն յորդող ուրախալիր հաղորդութիւնը», Ան ապա պատգամը աւարտած  է , հայցելով Տիրոջ Հովանին եւ շնորհելով Ֆրանչիսկոս Պապին օրհնութիւնները Թեզէի հաւաքի մասնակիցներուն ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ,  Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ հաւաքի մասնակիցները հիւրընկալող անձերուն:   








All the contents on this site are copyrighted ©.