2017-12-29 09:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապ մեծ ուրախութեամբ կը սպասէ Փերու կատարելիք ճամբորդութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Փերուի մայրաքաղաք՝ Լիմայի թեմի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Լուիս Չիփրիանի Թորն, վերջերս  Հռոմի մէջ հանդիպած է, յառաջիկայ 18-էն 21 յունուար 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Պապի Փերու ընկերացող խումբ մը լրագրողներուն անոնց հետ անդրադարձած է Նորին Սրբութեան ճամբորդութեան,  յայտնելով որ Ֆրանչիսկոս Պապ մեծ որախութեամբ կը պատրաստուի Փերու կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան,  որուն  ընթացքին  Ան պիտի այցելէ Փերուի Լիմա մայրաքաղաքը,  ապա Փուերթօ Մալտոնատօ եւ Թրույիլօ քաղաքները:  

Լիմայի արքեպիսկոպոսը նշած է նաեւ.  որ Փերուի 31 միլիոն բնակչութեան 78 առ հարիւրը Կաթողի հաւատացեալներն են , Փերու երկիրը  նկատելով  մեծ սուրբերու երկիր, որոնց շարքին ան նշած է Սան Ֆրանչիսկոս Սոլանօ եւ Ամերիկայի առաջին սուրբեր՝ Սրբուհի Ռոզա Լիմա եւ Սուրբ Մարթինօ Տէ Փոռես Սուրբերը: 

Ծիրանաւորը լրագրողներուն դիտել տուած է,  որ Ֆրանչիսկոս Պապի Փերու կատարելիք ճամբորդութիւնը ունի հովուական բնոյթ,   ընդգծելով որ Սրբազան Հայրը  Փերու պիտի չերթայ քաղաքական ցուցմունքներ տալու համար,  թէեւ շատ հաւանական է որ Ան խօսի  Փերու երկիրը յուզող հարցերու մասին որոնք շարքին կաշառակերութեան հարցը, չարիք մը  որուն թիրախներն են   յատկապէս աղքատ անձերը,  ըսած է Լիմայի արքեպիսկոպոսը շեշտելով որ եկեղեցին կարիքը ունի միութեան, որպէսզի ան  առ աւելիով հաւատալի դառնայ ու ընդգծելով մէկ եկեղեցի , ամենուրէք ներկայ գտնուող  ու դէպի դուրս ընթացող եկեղեցի  ըլլալու Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը: 








All the contents on this site are copyrighted ©.