2017-12-29 09:27:00

Քապուլի մէջ անձնասպանական գործողութիւն մը պատճառեց բազմաթիւ զոհեր


Առնուազն 40 անձեր սպաննուեցան եւ 30 ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի մէջ տեղի ունեցաւ անձնասպանական գործողութիւն մը:

Գործողութեան թիրախներն էին շիի «Թապայան» մշակութային կեդրոնը եւ «Աֆղան Վոյս նիուզ» լրատու գործակալութեան գրասենեակները: ՏԱՀԵՇ ստանձնեց յարձակումին պատասխանատուութիւնը:

Աֆղանիստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնած է, թէ անձնասպանական գործողութենէն ետք տեղի ունեցած են նաեւ երկու այլ պայթումներ: Վերջիններուս թիրախները առաջին պայթումին զոհերուն օգնութեան փութացողներն էին:

Զոհերու շարքին էին ուսանողներ, որոնք կեդրոնին մէջ ներկայ էին Խորհրդային Միութեան Աֆղանիստան ներխուժման 38-ամեակի նշման ձեռնարկի մը:

Աֆղանիստանի նախագահ Աշրաֆ Ղանի յայտնեց. «Քապուլի պայթումը մարդկութեան եւ իսլամութեան դէմ ոճիր է»








All the contents on this site are copyrighted ©.