2017-12-28 09:13:00

Մինսկի խմբակը կողմերուն փոխանցած է ԵԱՀԿի առաքելութեան ընդլայնման առաջարկ


ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Մոսկուա կ՛ողջունէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի աշխուժացումը, ներառեալ՝ նախարարներու յառաջիկայ հանդիպումը (Յունուարի երկրորդ կիսուն), եւ շահագրգռուած է անոր արդիւնաւէտութեամբ. Դեկտեմբեր 27ին այսպէս յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրեկորի Քարասին:

«Ինթըրֆաքս»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Քարասին շեշտեց, թէ Ռուսիա եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի միւս համանախագահները կ՛աջակցին Պաքուի եւ Երեւանի ձգտումներուն՝ ցարդ կատարուած աշխատանքին հիման վրայ հակամարտութեան փոխզիջումային հանգուցալուծում փնտռելու:

Քարասին յիշեցուց նաեւ, որ երկար ընդմիջումէ ետք, այս տարուան Հոկտեմբերին, համանախագահներուն աջակցութեամբ իրականացած էր հայ-ատրպէյճանական գագաթնաժողով մը, որուն ընթացքին կողմերը խոստացած էին աշխուժացնել բանակցային գործընթացը եւ գիծին վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու միտող միջոցներու ձեռնարկել:

Քարասին ըսաւ, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները այս ամիս Վիեննայի մէջ կայացած ԵԱՀԿի անդամ պետութեանց արտաքին գործոց նախարարներու նստաշրջանի հարթակներուն վրայ քննարկած են հակամարտութեան կարգաւորման առանցքային այս հարցերը, որոնց վերաբերեալ առայժմ կարելի չէ եղած համաձայնութեան հասնիլ։

«Քննարկուած են հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակը զսպելու նպաստող հնարաւոր գործողութիւնները: Նաեւ, կողմերուն փոխանցուած են ԵԱՀԿի դիտորդական առաքելութեան ընդլայնման հետ կապուած յստակ առաջարկութիւններ», եզրակացուցած է Քարասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.