2017-12-28 08:17:00

Արամ Ա. Կաթողիկոս կ՛այցելէ Պուրճ Համուտի ազգային ծերանոց


Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով կատարած իր այցելութիւններուն ծիրին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս չորեքշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2017-ին, այցելութիւն տուաւ Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոց, ուր զինք դիմաւորեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, ծերանոցի տնօրէն պատ. Սեպուհ Թերզեան, խնամակալութիւնն ու տիկնանց յանձնախումբը:

Հանդիպումը ընթացք առաւ «Խորհուրդ մեծ» շարականի երգեցողութեամբ, որուն յաջորդեցին Ս. Ծնունդին նուիրուած այլ շարականներ եւ փունջ մը ազգային երգեր: Այցելութեան ընթացքին վեհափառ հայրապետը զրուցեց ծերունի պապիկներուն ու մամիկներուն հետ ու աւարտին ուղղեց իր հայրապետական պատգամը: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոցը ո՛չ միայն հոն բնակող ծերերուն, այլեւ հայ գաղութի բոլոր զաւակներուն տունն է: Վեհափառ հայրապետը  բարձր գնահատեց տնօրէնութեան, յանձինս տնօրէնին, ու աշխատակազմին ճիգը, որուն շնորհիւ Ազգային ծերանոցը կը վերածուի սիրոյ ու հոգածութեան կեդրոն: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ ծերանոց բնակիլ չի նշանակեր լքուած ըլլալ: Ան շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մօտէն կը հետեւի Ազգային ծերանոցին տարած աշխատանքներուն` նշելով միաժամանակ, որ ծերանոցը ներկայիս անցեալէն շատ աւելի լաւ պայմաններու մէջ կը գտնուի շնորհիւ տնօրէնութեան աշխատանքին, ազգային բարերարներու ու բարեկամներու բարերարութիւններուն, իսկ այսպէս գոյատեւելու համար ան պէտք ունի նման բարերարներու նուիրատուութիւններուն: Վեհափառ հայրապետը  իր պատգամը փակեց ըսելով. «Նոր տարուան եւ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան խորհուրդով լեցուն այս օրերուն, հայրական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՛ողջունեմ բոլորդ: Թող Քրիստոսի ծնունդը դառնայ կենդանի ներկայութիւն այս նուիրական հաստատութեան մէջ, ուր բարի սամարացիի օրինակով խնամք կը տարուի, հոգածութիւն, սէր ու գուրգուրանք կը ցուցաբերուի մեր հայրերուն ու մայրերուն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.