2017-12-27 08:13:00

Մատենադարանը համալրուած է արժէքաւոր նոր ձեռագրերով, փաստաթուղթերով։


2017 թուականը Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին համար իրադարձութիւններով հարուստ տարի էր: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր­ Ղեւոնդեան:

«Մենք սովորաբար հետազօտական գործունէութեան արդիւնքները կ՝ամփոփենք մենագրութիւններու, ժողովածուներու, յօդուածներու, ինչպէս նաեւ տարբեր գիտաժողովներու մէջ մեր աշխատակիցներու զեկուցումներուն տեսքով: Այս առումով 2017 թուականը կը գերազանցէ նախորդ տարիներուն արդիւնքները: Մէկ տուեալ ներկայացնեմ. հրատարակուած գիտական յօդուածներու թիւով այս տարին երեք անգամ կը գերազանցէ 2015 թուականը: Եթէ 2015 թուականին հրատարակուած է 50 յօդուած, այս տարի` 150­-էն աւելի, 2016 թուականին` շուրջ 90: Այս յօդուածները տարբեր ուղղուածութեան են` բանասիրութիւն, պատմագիտութիւն, արուեստաբանութիւն, աստուածաբանութիւն, բնագրագիտութիւն, ձեռագրագիտութիւն եւ այլն»,-­ ըսած է Վահան Տէր Ղեւոնդեան:

Այս տարի Մատենադարանի մէջ կազմակերպուած է չորս միջազգային գիտաժողով: Անոնցմէ մէկը կը վերաբերէր հայերէն Աստուածաշունչի տպագրութեան 350-­ամեակին: Միւս գիտաժողովին ծիրէն ներս համախմբուած էին յատկապէս ԱՊՀ երկիրներու մասնագէտները, որոնք կը զբաղուին ձեռագրերու, փաստաթուղթերու պահպանման, վերականգնման ու թուայնացման հարցերով: Յաջորդը` Նարեկացիական 3-րդ ընթերցումներն էին, որուն հիմքը դրած է Մատենադարանի նախկին տնօրէն հանգուցեալ Հրաչեայ Թամրազեանը 2015 թուականին: Այս տարի նաեւ իրականացաւ երիտասարդական 3-րդ գիտաժողովը, որուն ծիրէն ներս ներկայացուեցան բարձր մակարդակի զեկուցումներ: Մատենադարանի գիտաշխատողները այս տարի մասնակցած են աշխարհի խոշոր համալսարաններուն կողմէ կազմակերպուած միջազգային քոնկրէսներու, գիտաժողովներու:








All the contents on this site are copyrighted ©.