2017-12-24 12:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. մօտիկութիւն Մինտանաօ-ի բնակչութեան ու կոչ խաղաղութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 24 դեկտեմբեր 2017-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Նորին Սրբութիւնը արտասանելէ ետք Կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւացեալները ըսելով.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մինչ աղօթելով կը սպասենք Խաղաղութեան Իշխանի ծնունդին,  հայցենք խաղաղութեան պարգեւը՝ համայն աշխարհին համար ու յատկապէս այն ժողովուրդներուն որոնք կը տառապին հակամարտութիւններու պատճառաւ»։

Սրբազան Քահանայապետը ապա վերանորոգեց իր կոչը՝ Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ, ազտատ արձակելու առեւանգուած անձերը – քահանաներ, կրօնաւոր - կրօնաւորուհիներ ու աշխարհական հաւատացեալներ – որպէսզի կարենան վերադառնալ իրենց տուները։

Ան ապա  իր աղօթքները ապահովեցուց Ֆիլիփինեան կղզեխումբի Մինտանաօ կղզիի  բնակչութեան, որ թիրախ դարձած է ահաւոր մրրիկի մը, որ պատճառեց բազմաթիւ զոհեր ու աւերներ։

«Թող Ողորմած Աստուած ընդունի մեռեալներու հոգիները ու մխիթարութիւն շնորհէ բոլոր անոնց որոնք կը տառապին այս աղէտի պատճառաւ», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու նախ քան հրաժեշտ առնելը ներկաներէն հրաւիրեց զանոնք պահ մը ամփոփուիլ սուրբ մսուրին առջեւ ու խոկալ սուրբ Ծննդեան իսկական խորհուրդի մասին՝ «Յիսուս որ մեզի կը մօտենայ սիրով, հեզութեամբ ու քնքշութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիկսոս Պապ ու խնդրեց այդ պահուն յիշել նաեւ զինք այդ աղօթքներուն մէջ։

 Բարի Կիրակի եւ Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.