2017-12-24 10:35:00

Յիսուսի Ծնունդը ըստ Ներսէս Շնորհալի Մեկնութիւն Մատթէի Երկին։


Սուրբ Ներսէս Շնորհալի մեզի ծանօթ է իր շարականներով եւ մասնաւորապէս հայ հաւատացեալին սրտին այնչափ մօտիկ «Հաւատով Խոստովանիմ» հրաշագործ աղօթքով։ Ներսէս Շնորհալի ունի նաեւ Մատթէոս Աւետարանի մեկնութիւն մը։ Այս երկէն կը քաղենք այն տողերը, ուր մեծ հայրապետը կը խօսի Յիսուսի ծննդեան մասին։

«Յիսուսի Քրիստոսի ծնունդը այսպէս եղաւ։ Որովհետեւ աւետարանիչը նախապէս ըսած էր, որ Յակոբ ծնաւ Մարիամի այր Յովսէփը, ուստի որպէսզի չկարծես, թէ Յիսուսը բնութեան օրէնքով ծնած է Յովսէփէն, կʼուզէ այժմ պատմել Անոր ծննդեան կերպը։ Ուշադրութիւն դարձուր այս պատմութեան գեղեցիկ կարգին, որ Մատթէոս Անոր ծննդեան մասին չի պատմեր սկիզբէն, այլ նախ ցոյց կու տայ, թէ նա քանիերորդն է Աբրահամէն, Դաւիթէն եւ Բաբելոնեան գերութենէն յետոյ, որպէսզի ասով ցոյց տայ, որ Ան է Օծեալը, Որ քարոզուեցաւ մարգարէներու միջոցաւ, եւ Անոր մասին էր, որ ըսաւ նահապետ Յակոբը, թէ պիտի գար, երբ Յուդայի իշխանները սպառէին (Ծննդ ԽԹ. 10-11)։

Անոր գալստեան մասին նաեւ Դանիէլ մարգարէն գուշակած էր եօթնակով (Դան Թ. 24-25). եթէ մէկը հրեշտակի կողմէ Դանիէլին ըսուած եօթնակներու տարիներու թիւը հաշուէ, Երուսաղէմ քաղաքի կառուցումէն մինչեւ Քրիստոսի ծնունդը, տարիներու թիւը ճիշտ եւ ճիշտ անոր համապատասխան կը գտնէ։ Այս բաները յայտնելէն յետոյ աւետարանիչը կը սկսի Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան պատմութիւնը։

Ան կʼըսէ՝ «Անոր մայր Մարիամը նշանած էին Յովսէփի հետ»։ Չʼըսեր «Կոյսը» այլ միայն՝ «մայրը», որպէսզի խօսքը դիւրընկալելի կերպով մատուցանէ։ Բայց յետոյ կը զարմացնէ այն չքնաղ իրողութեամբ, որուն մասին կʼըսէ՝ «Նախ քան անոնց իրարու մօտ գալը՝ պարզուեցաւ որ Մարիամ յղացած է Սուրբ Հոգիէն»։ Չʼըսեր «Նախքան Կոյսին փեսայի տուն բերելը», որովհետեւ արդէն անոր տունն էր։ Հին ժամանակ սովորութիւն ունէին նշանածը արդէն փեսայի կամ հարսի տունը պահելու, ինչպէս որ Ղովտի փեսաներն ալ անոր տան մէջ էին (Ծննդ ԺԹ. 8, 12-14)։

Իսկ ինչու՞ յղիանալու աւետիսը չեղաւ նախքան նշանուիլը։ Որպէսզի Կոյսը ամէն տեսակ չար կասկածէ զերծ մնայ. որովհետեւ Իսրայէլի մէջ նախատինք էր կնոջ՝ առանց ամուսինի մնալը, ինչպէս կը յայտնէ Եսայի՝ «Եօթ կին կը բռնեն մէկ տղամարդ եւ կʼըսեն. «... Վերացուր մեր նախատինքը»» (Ես Դ. 1)։ Որովհետեւ երբ անամուսին կինը վնասի պատճառ կը համարէին, անողորմաբար կը սպանէին, իսկ տէր ունեցողի գործերը ուրիշ ոչ ոք իրաւունք չունէր քննելու, բացի անոր ամուսինէն։ Այլ եւ անհրաժեշտ էր, որ իրականանային մարգարէներու խօսքերը այն մասին, թէ Քրիստոս պիտի ծնէր Բեթղեթէմի մէջ, պիտի գար Տաճար, պիտի երթար Եգիպտոս (Միք Ե. 2, Մաղ Գ. 1, Ովսե ԺԱ. 1)։

Այս բոլոր վայրերուն մէջ ինչպէ՞ս կրնար Կոյսը անտէր շրջիլ։ Կայ նաեւ այլ պատճառ մը։ Յովսէփը Կոյս Մարիամի ամուսինը կոչուեցաւ՝ խոչընդոտելու համար չարը. որովհետեւ այն ժամանակէն ի վեր, որ չարը լսեց մարգարէէն. «Ահա կոյսը պիտի յղիանայ եւ ծնի» (Ես Է. 14), բոլոր կոյսերը կʼորսար՝ մեղքի մէջ նետելու համար։ Ասով չարը կուրացաւ, եւ չհասկցաւ, որ Մարիամ կուսութեամբ յղիացած է, ըստ Յոբի խօսքին՝ «Անգղի աչքը թող չտեսնէ զայն» (Յոբ ԻԸ. 7), եւ ըստ Սողոմոնի՝ «Թող չիմացուի օձի հետքը քարի վրայ» (Առակ Լ. 19)։

Այլ եւ՝ սա խորհուրդ է։ Ինչպէս որ դրախտի մէջ Ադամը եւ Եւան մերկ էին եւ չէին ամչնար, քանի որ անմեղ էին, այդպէս ալ Յովսէփը եւ Մարիամը Եկեղեցւոյ դրախտին մէջ մերկ էին մեղքերէ եւ խղճմտանքէ ծնած ամօթ չունէին։ Իսկ այն ինչ որ աւետարանիչը կʼըսէ՝ «Պարզուեցաւ, որ յղիացած է Սուրբ Հոգիէն», թող ոչ ոք չկարծէ, թէ Սուրբ Հոգին անխ ստեղծած է Աստուծոյ Բանին մարմինը, եւ ապա Բանը եկած եւ բնակած է այդ մարմնին մէջ՝ ըստ որոշ չարափառնեու, այլ Սուրբ Հոգին մաքրեց Կոյսը բոլոր մարմնական կրքերէն եւ զայն մաքուր տաճար դարձուց Իր էակիցի բնակութեան համար, եւ Բանն Աստուած, մտնելով այնտեղ եւ վերցնելով Կոյսի արիւնէն, միացուց Իր աննիւթ բնութեան՝ անշփոթ խառնումով եւ անբաժանելի միաւորմամբ։ Եւ ապականացուն անապական դարձուց՝ խառնելով Աստուծոյ անապական բնութեան, եւ այս խառնման եւ միաւորման կերպը անհասանելի է արարածներուն։

Նաեւ քանի որ ոմանք յանդգնեցան ըսել՝ թէ Բանն Աստուած մարմին չառաւ սուր Կոյսի բնութենէն, այլ այնպէս իբր թէ խողովակի մէջէ անցաւ՝ միան մարդկայինի նմանութիւնը առնելով, այսպիսիները կը կշտամբէ աւետարանիչը «յղանալ» բառով, որովհետեւ եթէ Քրիստոսի մարմինը ուրիշ տեղէ էր եւ ոչ թէ Մարիամէն, ապա ի՞նչ հաղորդութիւն պիտի ունենար մեր բնութեան հետ, եւ ինչպէ՞ս պիտի իրականանար մարգարէութիւնը՝ «գաւազանի՝ Հեսսէի արմատէն բխելու» (Ես ԺԱ. 1) նկատմամբ։ Կամ ինչպէ՞ս բացատրել Պօղոսի խօսքը, Քրիստոսի՝ «կնոջմէ ըլլալու» մասին, Յովհաննէսինը՝ «Բանի մարմնանալու» (Գաղ Դ. 4։ Յովհ Ա. 14), կամ ալ ինքնին Քրիստոսի ինքզինք «Աստուծոյ Որդի» եւ «Դաւիթի զաւակակից» (Յովհ Թ. 35, 37։ Ժ. 36։ Է. 42) անուանելը, եւ ասոնց նման շատ խօսքեր Սուրբ Գրքի մէջ, որոնց միջոցաւ կʼապացուցուի, որ Աստուծոյ Բանը ճշմարտապէս դարձաւ մարդ եւ ոչ թէ երեւութապէս։ Հետեւաբար, որ Կոյսէն մարմին առաւ եւ ծնաւ, սա շատ բաներէ է յայտնի, բայց ծննդեան եղանակը բնաւ յայտնի չէ։ Դուն յայտնին ընդունէ, իսկ այն բանը որու մասին որ լռած են՝ մի քններ։»

Հայր Ներսէս վրդ. Սագայեան








All the contents on this site are copyrighted ©.