2017-12-24 22:30:00

«Ծնունդը ժամանակն է վախի ոյժերը փոխակերպելու սիրոյ զօրութեան» Ֆրանչիսկոս Պապին Ծննդեան քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի՝ 24 դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան 9.30-ին, Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցած Ծննդեան Ճրագալոյցի սուրբ պատարագի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, օրուան պատգամը սկսաւ Ղուկասի Աւետարանի խօսքերով. Մարիամ ծնաւ «իր անդրանիկ որդին, զայն պատեց խանձարուրներով եւ դրաւ մսուրի մէջ» (Ղուկ Բ. 7)։

Մարիամ լոյս կʼընծայէ իր զաւակին, «Մարիամ մեզի կու տայ լոյսը», ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Աւետարանի պատմուածքը շատ պարզ է եւ յստակ, Ղուկաս Աւետարանիչ մեզ կ՛առաջնորդէ այս սուրբ գիշերուան սրտին, որ ցմիշտ կը յեղաշրջէ մեր պատմութիւնը։ Ամէն ինչ որ այն գիշեր կը պատահի, կը վերածուի յոյսի աղբիւրի։

Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ Սուրբ Աւետարանի պատմուածքին, սկսելով Օգոստոս կայսեր հրովարտակի հռչակումէն։ Մարիամ եւ Յովսէփ կը ստիպուին մեկնիլ Բեթղեհէմ։ Անոնց սրտերը լի էին յոյսով, սակայն ճանապարհը ունէր նաեւ վտանգներ։ Ապա կը գտնուին դժուարագոյնին դիմաց՝ Բեթղեհէմը իրենց համար տեղ չունէր։

Սակայն ճիշտ այդ իրականութեան, այդ մարտահրաւէրին մէջ է, որ Մարիամ մեզի նուիրեց Էմմանուէլը։ Աստուծոյ Որդին պիտի ծնէր ախոռի մը մէջ, որովհետեւ իրենները իրեն համար տեղ չունէին, ինչպէս կʼըսէ Յովհաննէս Աւետարանիչ՝ «Իրեններուն եկաւ, եւ իրենները զինք չընդունեցան» (Յովհ Ա. 11)։ Սակայն ճիշտ այն տեղ կը բռնկի Աստուծոյ գուրգուրանքի յեղաշրջող կայծը։ Բեթղեհէմի մէջ կը ստեղծուի փոքր բացուածք մը անոնց համար, որոնք կորսնցուցած են երկիր, հայրենիք, երազներ, նոյնիսկ անոնց համար, որոնք ինկած են ընկճուածութեան մէջ, որուն պատճառը փակուածութեան շնչահեղձ վիճակի ստեղծումն է։

Յովսէփի եւ Մարիամի քայլերուն մէջ ներգրաւուած են շատ մը քայլեր, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, յատկապէս յիշելով ընտանիքներ, որոնք այսօր ստիպուած են հեռանալ, միլիոնաւոր անձեր, որոնք պէտք է իրենց սիրելիներէն բաժնուին, եւ կամ արտաքսուած են իրենց երկրէն։ Այս հեռանալը, շատերու համար լի է յոյսերով, այդ հեռանալը ունի մէկ անուն՝ գոյատեւել։

Այն գիշեր, Ան, որ տեղ չունէր ծնելու, կ՛աւետուի անոնց, որոնք տեղ չունէին քաղաքի սեղաններուն եւ ճանապարհներուն վրայ։ Հովիւները, որոնք պէտք է ապրէին ընկերութեան լուսանցքներու վրայ, եղան Բարի Լուրի առաջին ստացողները։

Այս ուրախութիւնն է, որ այս գիշեր պէտք է բաժնեկցինք, տօնենք եւ բարի լուրը տարածենք։ Այն ուրախութիւնը, որուն միջոցաւ Աստուած, իր անսահման ողորմածութեամբ, մեզ հեթանոսներս, մեղաւորներս եւ օտարականներս գրկեց, եւ մեզ կը մղէ, որ նոյնը կատարենք։

Այս գիշերուան հաւատքը մեզ կը մղէ ճանչնալ զԱստուած, որ ներկայ է բոլոր այն վիճակներուն մէջ, որոնց մէջ կը կարծենք թէ ան բացակայ է։ Ան այցելուին մէջ է, շատ անգամ անծանօթ։ Այս նոյն հաւատքը մեզ կը մղէ՝ բացուիլ ընկերային նոր հորիզոններու, չվախնալ յարաբերութեան նոր կերպեր փորձարկելէ։ Սուրբ Ծնունդը ժամանակն է վախի ոյժերը փոխակերպելու սիրոյ զօրութեան։ Այս սէրը, որ չի համակերպիլ անարդարութեան, այլ քաջութիւնը ունի ըլլալու Բեթղեհէմ՝ «հացի տուն», հիւրընկալութեան հող։

Բեթղեհէմի մանուկին մէջ Աստուած մեզի կ՛ընդառաջէ, որպէս զի մեզ դերակատարներ դարձնէ այն կեանքին, որ մեզ կը շրջապատէ։ Ան ինքզինք կը նուիրէ, որպէսզի զինք ընդունինք մեր թեւերուն մէջ։ Այս մանուկին մէջ, Աստուած մեզ կը հրաւիրէ, որ յանձնառու ըլլանք յոյսի։ Այս մանուկին մէջ, Աստուած մեզ կը վերածէ Իր հիւրասիրութեան դերակատարներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.