2017-12-23 09:17:00

Հալէպի ազատագրումին առաջին ամեակը ժողովրդային տօնախմբութեամբ յիշատակուեցաւ


Մէկ տարի առաջ սուրիական բանակին եւ անոր դաշնակիցներուն հերոսական մարտնչումներուն շնորհիւ Հալէպ ազատագրուեցաւ եւ վերջ տուաւ իր դէմ հիւսուող բոլոր այն դաւերուն, որոնք կը միտէին գրաւել քաղաքը, արեւելեան եւ արեւմտեան հատուածներու բաժնել զայն ու ահաբեկել անոր բնակչութիւնը։

Դեկտեմբեր 22-ը յաղթանակի օր էր հալէպցիներուն համար, որեվհետեւ Հալէպը սուրիական բանակի վերահսկողութեան տակ էր այլեւս եւ ահաբեկիչները, պարտութեան մատնուելով, խումբ առ խումբ դուրս կ՚ելլէին քաղաքէն։

Ըստ “Գանձասար”-ի՝ Դեկտեմբեր 21-ին, Հալէպի մէջ տօնական մթնոլորտ կը տիրէր, հազարաւոր քաղաքացիներ հաւաքուեցան Սաատալլա Ճապրի հրապարակ եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին սուրիական բանակին ու երկրի նախագահին։

Տօնախմբութեան մասնակիցները բարձրացուցած էին Հալէպի նահատակներուն եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի պատկերները։

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Մուհամմէտ Ռամէզ Թարճման ըսաւ, որ Հալէպ ողջ աշխարհին սորվեցուց տոկալու, համբերելու եւ յաղթելու իսկական իմաստը, իսկ Հալէպի բնակչութիւնը, հակառակ ահաբեկչական խմբաւորումներու բարբարոսութիւններուն հետեւանքով իր կրած ցաւին ու տառապանքին, կառչած մնաց հողին ու հայրենիքին։ Թարճման եզրափակելով ըսաւ. «Իւրաքանչիւր պարկեշտ քաղաքացիի իրաւունքն է հպարտանալ այս յաղթանակով»։

Իր կարգին, Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապ յայտնեց, որ Հալէպի յաղթանակը անկիւնադարձ մը եղաւ ահաբեկչութեան դէմ Սուրիոյ մղած պայքարին մէջ՝ ի յայտ բերելով սուրիական բանակին եւ անոր դաշնակից ուժերուն զինուորական կարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.