2017-12-21 08:24:00

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը այսօր կը գումարէ Երուսաղէմի հարցով յատուկ նիստ մը, իսկ Թրամփ կը սպառնայ։


ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը այսօր պիտի գումարէ յատուկ նիստ մը քննարկելու համար Երուսաղէմի հարցով բանաձեւի նախագիծը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-էն դիւանագիտական աղբիւր մը:

«Նիստը կը նախատեսուի գումարել հինգշաբթի ժամը 10:00-ին (Լիբանանի ժամանակացոյցով ժամը 17:00-ին)», ըսած է աղբիւրը:

Երեքշաբթի օր ՄԱԿ-ի մէջ Պաղեստինի մնայուն ներկայացուցիչ Ռիատ Մանսուր եւ շարք մը արաբական երկիրներու ներկայացուցիչներ հանդիպում ունեցած են ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նախագահ Միրոսլաւ Լայչաքի հետ, երբ Միացեալ Նահանգներ վեթոյի ենթարկած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը, որ կոչ կ՛ուղղէր` փոխելու Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու ամերիկեան որոշումը:

Երկուշաբթի երեկոյեան Եմէնի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները` իբրեւ Արաբական լիկայի եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նախագահին պաշտօնական դիմում ուղարկած է Երուսաղէմի հարցով յատուկ նիստ գումարելու համար:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը աւելի ուշ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած է, որ պիտի հետեւի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին Երուսաղէմի բանաձեւին քուէարկութեան եւ կ’ողջունէ ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Նիքի Հէյլիի բանաձեւին թեր քուէարկելու մտադիր երկիրներուն յղած այն պատգամը, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը սպառնայ բանաձեւին թեր քուէարկող երկիրներուն ամերիկեան օժանդակութիւնները դադրեցնել:








All the contents on this site are copyrighted ©.