2017-12-21 09:15:00

Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա-ի՝ Սուրբ Ծննդեան առթիւ հրապարակած պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Անգամ մը եւս «Քրիստոս Ծնաւ» բառերը պիտի հնչեն «աշխարհի մը մէջ լի բռնութիւններով ու վտանգաւոր հակամարտութիւններով, ընկերային անհաւասարութիւններով ու մարդկային հիմնական իրաւունքներու արհամարհանքով» կը գրէ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք՝ Բարթողոմէոս Ա-ը, ծննդեան առթիւ հրապարակած իր պատգամին մէջ, ուր ապա կ՛ընդգծէ թէ 2018-ին պիտի նշուի մարդու իրաւունքներու տիեզերական հռչակագիրի 70-րդ տարեդարձը, ընդունուած Բ աշխարհամարտի արհաւիրքէն ետք,  ու «հակառակ անոր կը շարունակենք պատմութենէն դասեր չի քաղել» կը գրէ Պատրիարքը կոչ ուղղելով պաշտպանելու մարդկային իրաւունքը ու մարդու արժանապատուութիւնը, ապա կը դատապարտէ համաշխարհայնացումէն յառաջացած անհաւասարութիւնները ու հրաւէր կ՛ուղղէ պայքարելու՝ ազատութեան ու մարդկային արդարութեան համար այն գիտակցութեամբ թէ իսկական խախաղութիւնը յառաջ կու գայ Աստուծմէ։ 
«Քրիստոսի մէջ ազատութիւնը միշտ մղուած է դէպի մերձաւորը, ու կը վերահաստատէ ճշմարտութիւնը սիրոյ մէջ» կը գրէ Բարթողոմէոս Պատրիարքը հաստատելով թէ այդ ճշմարտութիւնը մարդկութեան ապագային անկիւնաքարն է։ Ան ապա կ՛անդրադառնայ կրօններու դերակատարութեան որպէս խաղաղութեան ու հանդուրժողականութեան գործիքներ, ընդգծելով թէ անոնք ըլլալու են մարդոց միջեւ կամուրջներ, խաղաղութեան ու հասկացողութեան ու մշակոյթներու միջեւ մօտիկութեան միջոցներ։ 
«Միջ կրօնական երկխօսութիւնը չի նշանակեր սեփական հաւատքը ուրանալ, այլ փոխել ուրիշի նկատմամբ մտածելակերպն ու վերաբերմունքը, մէկդի դնելով նախապաշարումները ու սատարելով իրար հասկացողութեան ու հակամարտութիւններու խաղաղ լուծումին» կը գրէ ապա Կ.Պոլսոյ Պատրիարքը ու կը հաստատէ թէ «կրօններու հաւաստիութիւնը կախեալ է մարդու ազատութեան ու արժանապատուութեան նկատմամբ  անոնց վերաբերմունքէն» ուստի հրաւէր կ՛ուղղէ «միասնաբար դիմագրաւելու ապագայի մարտահրաւէրները՝ զօրակցութեան մշակոյթի հիման վրայ», որովհետեւ, կը գրէ Բարթողոմէոս Ա, «մենք կարիքը ունինք մէկը միւսին ու միասնական համագործակցութեան դէպի մեզ միացնող միասնական ապագայ մը, որուն համար հարկաւոր են զօրակցութիւնը, երկխօսութիւնը, համագործակցութիւնն ու վստահութիւնը։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.