2017-12-20 10:50:00

Հրապարակային ունկնդրութիւն։ Սուրբ պատարագը՝ Պատրաստութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 20 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան  դահլիճին մէջ, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ու այս առթիւ անոնց ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ, շարունակելով խօսիլ Սուրբ Պատարագի մասին, անդրադարձաւ սուրբ զոհի արարողութեան առաջին մասին՝ պատրաստութիւնը։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր բարի լոյս, այսօր կ՛ուզեմ սկսիլ սուրբ պատարագի արարողութեան բացատրութիւնը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու նշեց թէ «Պատարագը կազմուած է երկու մասերէ՝ Երախայից Պատարագը ու Հաղորդութիւնը, որոնք այնքանով իրար զօդուած են որ կը կազմեն մէկ պաշտամունքային արարողութիւն, որուն սկիզբը կայ պատրաստութեան մասը ու աւարտին փակման ծիսակատարութիւնը»։ 

«Այս մէկը աւելի լաւ ըմբռնելու համար պիտի ջանամ բացատրել պատարագի զանազան մասերու նշանակութիւնը որպէսզի լիապէս ապրինք Պատարագը ու գնահատենք անոր գեղեցկութիւնը» ըսաւ ապա Քահանայապետը ու մատնանշեց պատարագի պատրաստութեան ծէսին որ սկիզբ կ՛առնէ մուտքով, ապաշխարութեան ներգործութիւնով, Սուրբ Երրորդութեան նուիրուած Սուրբ Աստուած երգով ու առաջադրութեամբ...։

«Այս ծիսակատարութեան նպատակն է համախմբուած հաւատացեալները դարձնել հասարակութիւն մը որ կը պատրաստուի ունկնդրելու Աստուծոյ Խօսքը, ապա պատշաճօրէն մասնակցելու Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին» – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու բացատրեց Քահանայի դէպի խորան մուտքին, խորանի դիմաց ծնրադրութեան, խորանը համբուրելուն ու խնկարկելուն նշանակութիւնը, հաստատելով թէ անոնք կը ներկայացնեն պատարագի սկիզբը որ է սիրոյ հանդիպում Քրիստոսի հետ, որովհետեւ Խորանը նշանն է Քրիստոսի որ զոհուեցաւ մեր փրկութեան համար։

Խաչակնքումը ապա կը մղէ հաւատացեալները գիտակցելու թէ ծիսակատարութիւնը կը կատարուի՝ «Յանուն Հօր Եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»՝ ու բոլոր աղօթքը կը կատարուի Սուրբ Երրորդութեան անունով, որ է «անվերջ միութիւն ու հաղորդութիւն» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու շարունակեց «Խաչը հանելով մենք կը յիշատակենք մեր մկրտութիւնը ու կը վերահաստատենք թէ աղօթքը հանդիպում է Աստուծոյ հետ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» հուսկ ակնարկեց Քահանային կատարած այլ ծիսական շարժումներուն, երբ ան ժողովուրդին կը դառնայ ու անոնց կ՛ըսէ «Տէրը ձեր հետ» ու հաւատացեալները կը պատասխանեն «նաեւ քու հոգւոյդ հետ», որով կ՛արտայայտուի միասնական հաւատքը ու փոխադարձ իղձը իրար հետ միացած մնալու եւ ըլլալու Տիրոջ մօտ։

Այս ծիսական կարգին կը յաջորդէ ապաշխարութեան ներգործութիւնը. որով խոնարհաբար եւ անկեղծութեամբ մեր մեղքերը կը խոստովանինք Աստուծոյ ու մեր եղբայրներուն առջեւ - ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հաստատելով «Եթէ պատարագը իսկապէս կը խորհրդանշէ Զատկուայ Խորհուրդը՝ այսինքն Քրիստոսի մահէն դէպի կեանք անցքը, ուրեմն առաջին քայլը որ պէտք է ընդունինք ՝ մեր մահկանացուի իրավիճակն է, որպէսզի Անոր հետ յարութիւն առնենք դէպի նոր կեանք մը, եւ այս մէկը մեզի հասկնալ կու տայ  ապաշխարութեան ներգործութեան կարեւորութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով թէ յաջորդ ունկնդրութեան ընթացքին պիտի շարունակէ խօսիլ նոյն նիւթի մասին։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Պօղոս  Զ անուան դահլիճին մէջ համախմբուած ուխտաւորները ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն հիւանդներուն ու նորապսակներուն հրաւիրելով առաջինները լաւապէս պատրաստուելու Տիրոջ Ծննդեան, Մարիամի հաւատքի հնազանդութեամբ ու անոր խոնարհութեամբ, ապա հիւանդներուն յորդորեց Սուրբ Կոյսէն քաղել Յիսուսի նկատմամբ սիրոյ զօրութիւնը,  մինչ նորապսակները հրաւիրեց Նայելու Բեթղեհէմի Սուրբ Ընտանիքին ու իրենց ընտանեկան կեանքի ուղեւորութեան մէջ գործադրելու այդ Ընտանիքի առաքինութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.