2017-12-20 09:19:00

«Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչները 3000 տոլարի դիմաց Թուրքիոյ տարածքով կ՛անցնին Եւրոպա


«Իսլամական պետութիւն» (ԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալները Թուրքիոյ տարածքէն գումարի դիմաց կ՛անցնին Եւրոպա:

Ըստ «Էրմէնիհապեր»-ի, որ կը վկայակոչէ «Haberler.com» լրատուական կայքին` Թուրքիայի վրայով ահաբեկիչներու անօրինական անցումը ապահովելու համար վերջիններէն պահանջուող գումարի չափը այժմ հասած է 3000 տոլարի:

Կը նշուի, որ առաջ այդ «ծառայութիւնները» թուրք մաքսանենգները կը մատուցէին 1000 տոլարով, սակայն «սակերը» բարձրացած են, երբ սուրիական Ռաքքա եւ Տէր Զօր քաղաքները ԻՊ-ի ահաբեկիչներրէն մաքրելէ ետք վերջինները սեղմուեցան Մայատին շրջանին մէջ: Ահաբեկչական կառոյցի փաստացի կազմալուծումէն ետք Եւրոպայէն ԻՊ-ի շարքերը համալրած շատ ահաբեկիչներ կը ձգտին վերադառնալ իրենց երկիրներ:

Ըստ թրքական աղբիւրին` ահաբեկիչները նախ կ՛ուղարկեն իրենց կանանց, որոնց անցման գինը ի տարբէութիւն տղամարդ ահաբեկիչներուն, կը տատանի 1000 տոլարի մէջ, ապա իրենք կը լքեն կառոյցի շարքերը:

Կը նշուի, որ Թուրքիոյ տարածքով անօրիինական ճանապարհով Եւրոպա կ՛անցնին նաեւ Սուրիոյ քրտական ուժերու (Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժեր-YPG) զինեալներ, որոնց անցումը արժէ 1000 տոլար:








All the contents on this site are copyrighted ©.