2017-12-19 11:29:00

Երուսաղէմի Եկեղեցիներու Ծննդեան պատգամը. «Պահպանել Սուրբ Քաղաքի կարգավիճակը»։


(Ռատիօ Վատիկան) «Կը վերահաստատենք մեր դիրքը պահանջելով Սուրբ Քաղաքի «status quo»ի պահպանումը մինչեւ որ Իսրայէլացիներու ու Պաղեստինցիներու միջեւ խաղաղութեան արդար համաձայնութիւն մը չի կնքուի, միջազգային օրէնսդրութեան բանակցութիւններու հիման վրայ»։ Այսպէս գրած են Երուսաղէմի Եկեղեցիներու պատրիարքներն ու Եկեղեցական Պետերը՝ սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ հրապարակած իրենց  պատգամին մէջ ուր անոնք ապա հաստատած են թէ որեւէ մօտեցում՝ որ ըլլայ լոկ քաղաքական, քաղաքը պիտի զրկէ իր իսկական էութենէն ու իր իւրայատկութիւններէն ու պիտի ոտնակոխէ մինչեւ օրս խաղաղութիւնը պահպանող գործընթացքը։ «Երուսաղէմը սուրբ պարգեւ մըն է, սուրբ հող մը համայն աշխարհին համար։ Երուսաղէմը սեփականացնելու փորձը կամ զայն սահմանափակելու բացառկութեան չափանիշերով կը տանի դէպի մռայլ իրականութիւն» ընդգծած են ապա Երուսաղէմի Եկեղեցապետերը  հաստատելով թէ կը շարունակեն աղօթել համայն Միջին Արեւելեան տարածաշրջանի համար, Խաղաղութեան Իշխանէն խնդրելով որ ներշնչէ սրտերն ու մտքերը բոլոր անոնց որոնք իշխանութեան գլուխ են, որպէսզի քալեն խաղաղութեան, արդարութեան ու ազգերու միջեւ հաշտութեան ճանապարհին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.