2017-12-19 13:13:00

«Պտղաբերութիւնը օրհնութիւն մըն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ պատարագի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) «Աստուած պտղաբերութիւն է եւ կը փափաքի որ մենք բոլորս ալ պտղաբեր դառնանք ապրելով ու մեր կեանքը տալով ուրիշներուն» այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Տոմուս Սանթա մարթայի մատրան մէջ առաւօտեան մատուցած սուրբ պատարագին առթիւ արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։ Ան ապա հրաւիրեց դիտել մսուրին մէջ գտնուող պարապ օրօրոցը, մինչ կը սպասենք Մանուկը։

Անբերրիութիւնն ու Պտղաբերութիւն եղան երկու կարեւոր բառերը  որոնց անդրադարձաւ Սրբազան Քահանայապետը իր քարոզին մէջ մեկնաբանով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը որ կը խօսէր՝ Յովհաննէս Կարապետի ծննդեան աւետումի մասին։

Աստուածաշունչի մէջ կան բազմաթիւ անբերրի կիներ որոնք զաւակ ունեն ելու թախանձագին իղձն ունէին՝ Սարան Աննան, Եղիսաբեթը… ըսաւ Քահանայապետը ու հաստատեց թէ Աստուածաշունչի մէջ պտղաբերութիւնը օրհնութիւն մըն է եւ այնտեղ ուր Աստուած կայ՝ կայ նաեւ պտղաբերութիւնը։ Սրբազան Հայրը մատնանշեց ապա հոգեւոր եւ նիւթական պտղաբերութեան որ կը նշանականէ  կեանք պարգեւել ու բարիք գործել - ըսաւ Ան զգուշացնելով սատանայէն «որ կը նախընտրէ անբերրիութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ սատանան կ՛ուզէ որ մենք ապրինք անձնասիրութեան, ունայնութեան ու հպարտութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա աչքը սեւեռելով մսուրին  յարեց. «այստեղ կայ դատարկ օրօրոց մը։ Նայինք անոր. Կարող է ըլլալ յոյսի խորհրդանիշ՝ որովհետեւ Մանուկը այնտեղ պիտի գայ ու կարող է նաեւ դառնալ թանգարանի մէկ առարկայ մը, որ պարապ կը մնայ յաւիտեան։ «Մեր սիրտն ալ օրօրոց մըն է» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը ու հարց տուաւ թէ ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուի ան ապա յորդորեց նայիլ օրօրոցին ու բացագանչել «Եկուր Տէր, լեցուր օրորոցը, լեզուր իմ սիրտս ու մղէ զիս կեանք պարգեւելու, մղէ դառնալու պտղաբեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.